Չինաստան Վիճայարոյց Կղզիի Մը Վրայ Նոր Քաղաք Կը Ստեղծէ
By adminx - Mon Jul 30, 7:19 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
Չինաստան յայտարարած է, որ Հարաւչինական ծովու կղզիներէն մէկուն վրայ, որուն կը յաւակնին նաեւ Վիեթնամն ու Ֆիլիփեան կղզիները, նոր քաղաք կը ստեղծէ:
Ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը կը գրէ, որ «այս քայլով Փեքին ստորջրեայ քարիւղի պաշարները իր հսկողութեան տակ առնելու իր վճռականութիւնը ապացուցեց»:
24 յուլիսին Սփրաթլի կղզիախումբի համանուն կղզիին վրայ տեղի ունեցած է աւելի քան հազար բնակչութեամբ Սանշա անունով նոր քաղաքի մը հիմնադրութեան պաշտօնական արարողութիւնը: Նշանակուած է նաեւ նոր քաղաքի ղեկավարը:
Աւելի՛ն. քաղաքին մէջ տեղակայուած են զօրաբաժինի համազօր զինուորական ուժեր, որոնց պարտականութիւնը անվտանգութեան ապահովումը պիտի ըլլայ:
Մեկնաբանելով նշեալ զարգացումը` «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Փեքին կ՛ամրապնդէ ստորջրեայ քարիւղի եւ կազի պաշարներու նկատմամբ իր յաւակնութիւնները:
Ծովու ճամբով կղզի հասնելու ճամբորդութիւնը 13 ժամ է: Նոր քաղաքին մէջ կը գործէ նամակատուն, դրամատուն, սննդամթերքի վաճառատուն, հիւանդանոց:
Ֆիլիփեան կղզիները քննադատած են Չինաստանի նախաձեռնութիւնը: Մանիլա այս հարցով Փեքինին բողոք յայտնած է: Ըստ Ֆիլիփեան կղզիներու իշխանութիւններուն, Չինաստան խախտած է իրենց երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը: Առաւել սուր բնոյթ ստացած են Չինաստանի ու Վիեթնամի յարաբերութիւնները: Հանոյի մէջ տեղի ունեցած են հակաչինական բողոքի ցոյցեր:
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print



