Գերապայծառ Աշգարեան Վախճանեցաւ
By adminx - Mon Jul 30, 7:15 am
Երէկ Մխիթարեան միաբանութենէն ստացանք գուժ մը, որով կը հաղորդուէր, որ միաբանութեան անդամ, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի նախկին ընդհանուր փոխանորդ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան շաբաթ, 28 յուլիսին վախճանած է:
Գերապայծառ Աշգարեան ծնած էր 26 նոյեմբեր 1937-ին, Անտիոքի Հարպիէի արուարձանին մէջ` մուսալեռցի ծնողներէ: Նախնական ուսումը կը ստանայ Դամասկոսի Մեզզէի Ֆրանսական վարժարանին եւ Այնճարի հայ քոյրերու դպրոցին մէջ, իսկ յաջորդաբար` 25 յունիս 1950-ին անցնելով Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանը` կը բոլորէ իր երկրորդական ուսումը: 13 մարտ 1954-ին կրօնաւորական ուխտերով կ՛անդամակցի Մխիթարեան միաբանութեան:
Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում կը ստանայ Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանի եւ պետական համալսարանին մէջ, ուր կը հետեւի նաեւ արեւելեան լեզուներու:
22 յունուար 1961-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի Հապոզեան աբբահօր ձեռամբ: Հազիւ ձեռնադրուած կը ղրկուի Գահիրէի Հելիոպոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը` վարելով փոխտնօրէնի պաշտօնը մինչեւ 1964: 1964-1987 կը փոխադրուի Լիբանան, ուր կը ստանձնէ Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը` միաժամանակ բարձրագոյն դասարաններուն դասաւանդելով գրականութիւն եւ բարոյագիտութիւն: Նոյն շրջանին` 1965-1975 իբրեւ դասախօս դասաւանդած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժանմունքին մէջ: Գերապայծառ Աշգարեան գրեթէ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ծառայեց Պէյրութի հայ գաղութին մէջ հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մամլոյ եւ հրատարակչական ասպարէզներուն մէջ: Բայց իր սրտին հոգեհարազատ էր մասնաւորապէս հայ մանուկին կրթադաստիարակութիւնը:
17 յունուար 1988-ին կը նշանակուի Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ` գործակցելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս-պատրիարքին հետ, եւ ահա 1999-2011` կը շարունակէ աջակցիլ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքին:
2011-ին հանգստեան կոչուելէ ետք, 2012 յունուարին կը մեկնի Վիեննա` Մխիթարեան միաբանութեան ուխտին մէջ շարունակելու իր ներանձնական կեանքը:






God bless his holy spirit