Արժանթինահայերը Կը Բողոքեն Մամետեարովի Այցելութեան Դէմ
By adminx - Sat Jul 28, 7:57 am
- 0 Comments
- 195 views
- Tweet
Email
Print
Արժանթինի հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Արժանթին այցելութեան դէմ:
Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցած է հինգշաբթի օր` Պուենոս Այրեսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Մասնակիցներու ձեռքին եղած են Ազրպէյճանը ցեղապաշտութեամբ, ազգայնականութեամբ, այլատեացութեամբ, ինչպէս նաեւ Սումկայիթի ու Պաքուի մէջ հայերու կոտորած կազմակերպելով ամբաստանող պաստառներ:
Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, 27 յուլիսի այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած էր Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը իր արժանթինցի գործընկեր Հեքթոր Թիմերմանի հետ: Պատուիրակութիւնները Սան Մարթին պալատին մէջ պիտի մասնակցին Ազրպէյճան-Արժանթին գործարար խորհրդաժողովին, ինչպէս նաեւ գործարարներու մասնակցութեամբ երկկողմանի հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան: Մամետեարով հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ արժանթինցի նախարարներ Տեպորա Կիորկիի, Նորպերթօ Եակուարիի եւ Խուլիօ տը Վիտոյի, ներքին եւ արտաքին առեւտուրի քարտուղարներ Կիերմօ Մորենայի եւ Պէաթրիս Փակլիերիի հետ:
Նախապէս Հեքթոր Թիմըրման արժանթինցի 200 գործարարներու հետ պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու մեկնած էր:
- 0 Comments
- 195 views
- Tweet
Email
Print



