Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Հինգ Պաշտօնեաներ Հրաժարական Տուին
By adminx - Sat Jul 28, 7:54 am
- 0 Comments
- 103 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ առաւօտեան հրաժարականի դիմումներ ներկայացուցին Լոռիի եւ Արագածոտնի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան փոխմարզպետներ Էդիկ Կարախանեան ու Մանաֆաս Առաքելեան, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճ Հայաստանի երեք փոխնախարարներ` արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Ռոմիկ Տիգրանեան, փոխադրութեան եւ կապի փոխնախարար Ռուբէն Սինոյեան եւ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վարդան Կարապետեան:
Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այս հրաժարականներուն մէջ «որեւէ գայթակղութիւն պէտք չէ փնտռել». հրաժարականները «իշխող համաձայնական կառավարութեան մաս կազմելէն հրաժարելու տրամաբանութեան մէջ կը գտնուին»:
Մայիսի աւարտին համաձայնական կառավարութեան մաս կազմելէն հրաժարելու` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի յայտարարութենէն ետք Բարգաւաճ Հայաստանի նախարարները եւ մարզպետները հրաժարեցան իրենց պաշտօններէն:
- 0 Comments
- 103 views
- Tweet
Email
Print



