Մարաթուկ Սարի Ուխտագնացութիւնը Արգիլուեցա՞ւ…
By adminx - Sat Jul 28, 7:54 am
- 0 Comments
- 124 views
- Tweet
Email
Print
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ հայկական կարգ մը կայքէջեր կը հաղորդեն, թէ 28 յուլիսին դէպի Սասունի Մարաթուկ լեռը իրականանալի ուխտագնացութիւնը արգիլուեցաւ Սասունի քաղաքապետին եւ Սասունի նահանգապետին կողմէ: Կը նշուի, որ քաղաքապետ Մուզաֆֆեր Արսլան եւ նահանգապետ Պահատըր Եէօրիւք այս տարի արգիլեցին 28 յուլիսին կատարելի ուխտագնացութիւնը` պատճառաբանելով, որ այս պահուն Թուրքիոյ մէջ Ռամատանի ամիսն է: Սասունի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Մարաթուկ լերան ուխտագնացութիւնը կը յետաձգուի մինչեւ սեպտեմբեր ամիսը:
Սասունցի հայ լրագրող Ճեւաթ Սինեթ ըսաւ, որ Մարաթուկ լերան ուխտագնացութեան ընթացքին հայեր մոմեր կը վառեն, կ՛աղօթեն եւ մատաղ կ՛ընեն ու միսը կը բաժնեն կարիքաւորներու: Իր խօսքերով, բաւական հաճելի փաստ է, որ Ռամատանն ու Մարաթուկ լերան ուխտի օրը իրարու կը զուգադիպին, իսկ Սասունի քաղաքապետն ու նահանգապետը առանց այս բոլորը նկատի առնելու, իրենց հաճոյքին համար արգիլեցին ուխտագնացութիւնը:
«Մարմարա» կը նշէ, որ 28 յուլիսին նախատեսուած ուխտագնացութեան համար Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն բազմաթիւ հայեր Թուրքիա եկած էին:
- 0 Comments
- 124 views
- Tweet
Email
Print



