Ասիրի Նստացոյցին Դէմ Սայտայի Երիտասարդներուն Յատուկ Նստացոյց
By adminx - Sat Jul 28, 7:52 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած բաց նստացոյցին դէմ երէկ արձանագրուեցաւ այլ ցոյց մը Սայտայի մէջ` ինքզինք «Սայտայի երիտասարդներ» կոչող խմբաւորումի մը կողմէ:
Այս խմբաւորումին մաս կազմող երիտասարդները` իբրեւ բողոք Ասիրի յայտարարած բաց նստացոյցին, փակեցին Մարժան եւ Նըժմէ հրապարակները, ինչպէս նաեւ հրկիզուող անիւներով փակեցին այն ճամբաները, որոնք կ՛առաջնորդէին դէպի Ասիրի նստացոյցին վայրը:
Սայտայի երիտասարդները հաստատեցին, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն արգիլելու համար Ասիրի կողմէ Սայտայի ծովեզերեայ ճամբան փակելու փորձերը:
Նշենք, որ կէսօրուան ժամերէն սկսեալ լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը ուղղուեցան դէպի Սայտայի ծովեզերեայ ճամբան, անոր շրջակայքը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին եւ հսկեցին այդ ճամբան ազատ օգտագործելու կարելիութեան:
Միւս կողմէ, Սայտայի ապահովական խորհուրդը ներքին ապահովութեան ուժերէն խնդրեց արգիլել Սայտայի ծովեզերեայ շրջանին մէջ արձանագրուող որեւէ հաւաք կամ ճամբաները փակելու երեւոյթ:
Սակայն հակառակ այս բոլորին, շէյխ Ասիր եւ անոր հետեւորդները ուղղուեցան Սայտայի ծովեզերեայ ճամբան եւ փակեցին զայն քանի մը վայրկեանուան համար:
Պէտք է աւելցնել, որ նախանցեալ գիշեր Ասիրի հետեւորդ սալաֆականներ Սայտայի մէջ զինեալ երեւոյթներ ստեղծած էին եւ յարձակումներ գործած շրջանի վաճառատուներուն վրայ, իսկ ցերեկը անոնք յարձակած էին Սայտայէն անցնող քաղաքացիներուն դէմ եւ փորձած քանդել անոնց ինքնաշարժները:
Պահիա Հարիրիի Այցելութիւնները
Սայտայի մէջ տիրող իրադարձութիւնները եւ հրահրուած լարուածութիւնը մղեցին, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Պահիա Հարիրի կատարէ շարք մը այցելութիւններ, որոնց ընթացքին ան քննարկեց Սայտայի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը եւ որեւէ բախումի առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելով Սայտայի գերագոյն շահերը:
Քաղաքապետական ընտրութիւններէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Հարիրի այցելեց Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատի, որ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր Սայտայի մէջ պիտի սկսի բաց գործադուլ մը, որուն պիտի մասնակցին շրջանին մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերը` մերժելով շէյխ Ասիրի նստացոյցը:
Սաատ յայտնեց, որ իրենք պիտի սերտեն նաեւ բաց գործադուլին զուգահեռ որդեգրուելիք այլ քայլեր, ինչպէս նաեւ այնպիսի միջոցներ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Սայտայէն հեռու պահել վտանգները:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան պետութեան` ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները իր քաղաքացիներուն փոխադրութեան ազատութիւնն ու ապահովութիւնը երաշխաւորելու իմաստով: Մենք բազմիցս նկատել տուինք, որ շէյխ Ասիրի յայտարարած այս բաց նստացոյցին եւ ճամբաներու փակումին հետեւանքները լուրջ պիտի ըլլան, յատկապէս այն առումով, որ Սայտան քաղաքական բազմաթիւ ուժեր ընդգրկող զգայուն շրջան է», ըսաւ Սաատ` շեշտելով, որ Սայտայի մէջ բախումներ ստեղծելու նպատակով յայտարարուած այդ բաց նստացոյցը պիտի չհասնի իր նպատակին, որովհետեւ մենք կը հսկենք Սայտայի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Պահիա Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պըզրի մաղթեց, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել իսկական ներքին գործոց նախարարի մը նման վարուի:
Պըզրի խստիւ դատապարտեց այն իրականութիւնը, որ ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց իշխանութիւնը նստացոյց կազմակերպողներուն վրայ պարտադրելու փոխարէն, այդ իշխանութիւնը քաղաքացիներուն վրայ կը պարտադրեն:
Հարիրի այցելեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի կեդրոնը, ուր տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին շեշտեց Սայտայի միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղեց նաեւ վերջ տալու Սայտայի մէջ գործադրուող բռնարարքներուն` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ իր հաղորդակցութիւնները` կանխարգիլելու համար Սայտայի մէջ յաւելեալ բախումներու արձանագրումը:
Հարիրի խստիւ դատապարտեց կառավարութեան կողմէ Սայտայի նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց Սայտայի բնակիչներուն մերժելու բռնարարքները եւ որդեգրելու արտայայտուելու խաղաղ միջոցներ:
Իր կարգին, շէյխ Ասիր շեշտեց, որ նախանցեալ օր զիրենք անարգած են եւ խոշտանգած` նոր Մայիս 7 մը բռնկեցնելու նպատակով: «Մենք այս առումով լուռ պիտի չմնանք եւ պիտի դիմենք դատական իշխանութիւններուն», ըսաւ Ասիր:
Ասիր հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս զինեալ երեւոյթներ կան Սայտայի մէջ եւ ո՞ւր է լիբանանեան բանակը:
Ասիր շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու կառավարութիւնը պէտք է լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը Սայտա վերադարձնեն:
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print




