Wednesday Jun 19, 2013

Թրիփոլիի Մէջ Երեկոյեան Արձանագրուեցան Զինեալ Բախումներ Եւ Ապա Տիրեց Զգուշաւոր Հանդարտութիւն

By adminx - Sat Jul 28, 7:50 am

Երէկ երեկոյեան Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները վերսկսան, երբ Ասուատ ընտանիքին շրջան վերադարձը մերժուեցաւ:

Նշենք, որ վերջերս Ասուատ եւ Լիզա ընտանիքներուն միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումներուն պատճառով Ասուատ ընտանիքը հեռացած էր Թրիփոլիէն:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երեկոյեան ժամը 7:30-ին սկսած զինեալ բախումները ժամ մը ետք աւելի սաստկացան եւ տարածուեցան դէպի Հարեթ Պաքքար եւ Սահաթ Ամրիքան:

Ամբողջ շրջանին մէջ մէկ ժամուան ընթացքին պարզուեցան մեծ թիւով զինեալներ, իսկ լիբանանեան բանակը հակադարձեց իր դէմ արձակուած փամփուշտներուն: Բախումները պատճառեցին երկու վիրաւորներ:

Աւելի ուշ, շրջանին մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն:

Թմրեցուցիչի Վաճառականներու
Հետապնդում
` Սապթիէի Մէջ

Երէկ կէս գիշերին Մեթնի Սապթիէ շրջանին մէջ Թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի գրասենեակին կողմէ թմրեցուցիչի վաճառականներ հետապնդելու ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ, որոնց պատճառով ինկան երկու զոհեր:

Բանակային ստորաբաժանումներ անմիջապէս տարածուեցան շրջանին մէջ եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առին:

Leave a Reply

Advertisement