Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Զուիցերիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
By adminx - Sat Jul 28, 7:49 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրխալթերը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Պուրխալթեր նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Զուիցերիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ անոր նախագահին առած քայլերուն կարեւորութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ արգիլելու համար Սուրիոյ տագնապին ազդեցութիւնը` Լիբանանի վրայ:
Պուրխալթեր դրուատեց նախագահ Սլէյմանի ճիգերը` յաջողցնելու համար Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը` լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ, նկատի ունենալով, որ այդ երկխօսութեան շնորհիւ է, որ կարելի պիտի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի իրավիճակը եւ շրջանին մէջ ժողովրդավարութիւնը տարածելու ու բռնարարքներուն վերջ տալու արշաւները:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման ընդունեց Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց խորհուրդին վերաբերող շարք մը ծրագիրներ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Սուրիոյ ներքին իրադարձութիւններն ու Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրավիճակը:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ռեմոն Աուտէ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրադարձութիւնները:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print




