Wednesday Jun 19, 2013

Վարչապետ Միքաթի – Ուիլիըմ Հէյկ Հանդիպում

By adminx - Sat Jul 28, 7:48 am

Վարչապետ Միքաթի եւ Հէյկ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հէյկ դրուատեց վարչապետ Միքաթիի ի գործ դրած ջանքերը` Լիբանանը հեռու պահելու այն միջադէպերէն, որոնք տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ մէջ:

Հէյկ բարձր գնահատեց նաեւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Ազգային երկխօսութեան նիստերուն կարեւորութիւնը` ընդգծելով հարաւային Լիբանանը հանդարտ եւ կայուն պահելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Հէյկ յայտնեց, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պիտի բազմապատկէ լիբանանեան բանակին տրամադրելիք իր օժանդակութիւնը` նկատել տալով միաժամանակ, որ այդ մասին ինք քննարկումներ պիտի կատարէ յառաջիկայ սեպտեմբերին` լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի Բրիտանիա կատարելիք այցելութեան ընթացքին:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի եւ Հէյկի միջեւ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ինաամ Օսէյրան եւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, ինչպէս նաեւ շարք մը պատասխանատու քաղաքական անձնաւորութիւններ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement