Sunday May 19, 2013

«Ասատի Տապալումը Անպայման Պատերազմի Աւարտը Չի Նշանակեր» Կ՛ըսէ Մուտ

By adminx - Sat Jul 28, 7:40 am

Զօր. Ռոպըրթ Մուտ

Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու նախկին ղեկավար, նորվեկիացի Ռոպըրթ Մուտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը պարզապէս ժամանակի հարց է, սակայն ատիկա Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմին վերջ տալու համար բաւարար կրնայ չըլլալ: Ան ընդգծեց, որ «ժամանակը երկարի, թէ կարճ ըլլայ, վարչակարգը պիտի տապալի»:

Մուտ ըսաւ, որ «բռնարարքներու ոլորապտոյտը վարչակարգին հակազդեցութեան անհամեմատութիւնն ու քաղաքայինները պաշտպանելու մէջ անոր ձախողութիւնը վարչակարգին օրերը սահմանափակ կը դարձնեն, սակայն մէ՞կ շաբաթ վերջ, թէ՞ մէկ տարի վերջ, անիկա պիտի տապալի: Ասիկա հարցում մըն է, որուն չեմ համարձակիր պատասխանել»:

Ան նշեց, որ վարչակարգի մը տապալումը, որուն դէմ կը պայքարի ըմբոստութիւն մը, որ տակաւին մասնատուած է եւ զինուորական գետնի վրայ տկար դիրքի վրայ, «անպայման քաղաքացիական պատերազմի աւարտը չի նշանակեր»` աւելցնելով, որ «շատեր կը կարծեն, որ եթէ  Պաշշար Ասատ տապալի կամ անոր պատուաւոր ելք տրամադրուի, հարցը կը լուծուի, ինչ որ կացութեան թերագնահատում մըն է, որմէ պէտք է զգուշանալ»:

Սուրիոյ մէջ միջազգային ուժերու նախկին հրամանատարը զգուշացուց, որ վարչակարգի տապալումէն ետք «կացութիւնը կրնայ աւելի վատթարանալ»: Ան նաեւ նշեց, որ անկարելի է Սուրիոյ ապագան երեւակայել ներկայիս իշխանութեան վրայ գտնուողներու ներկայութեամբ:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն սուրիական եւ յորդանանեան ուժերուն միջեւ կարճատեւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն մը տեղի ունեցաւ Թել Շահապ շրջանին մէջ, երբ սուրիական ուժերը կրակ բացին սուրիացի 300 գաղթականներու վրայ, որոնք կը փորձէին Յորդանան հասնիլ, իսկ անոնց արձակած փամփուշտներուն սխալմամբ թիրախ դարձան յորդանանեան ուժերը, որոնք հակադարձեցին: Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարարը աւելի ուշ հերքեց այն լուրերը, թէ բախումին ընթացքին յորդանանցի զինուոր մը սպաննուած է: Ըստ այլ տեղեկութեանց, սուրիացի մանուկ մը սպաննուած է: Յորդանան սուրիական սահմանին վրայ լրացուցիչ զօրք կը տեղակայէ:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Անգարայի մէջ ընդունեց սուրիացի դասալիք զօրավար Մանաֆ Թլասը: Իֆթարի ընթրիքէն առաջ Տաւութօղլու եւ Թլաս կարճատեւ զրոյց մը ունեցած են լրագրողներու հետ:

Թլաս-Տաւութօղլու հանդիպումը տեւած է մէկ ժամ: Այդ ընթացքին քննարկուած է թուրք-սուրիական սահմանին վրայ քիւրտերը տեղակայելու նախագահ Ասատի քայլը: Թլաս նաեւ Տաւութօղլուին տեղեկութիւններ տուած է Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն մասին: «Պէտք է քանդուի ոչ թէ պետութիւնը, այլ իշխող վարչակարգը», ըսած է ան:

Ռուսական «Մոսքովսքիէ Նովոսթի» օրաթերթի վերլուծաբան Վլատիմիր Իվսայեւ կը գրէ, որ ինք համոզուած է, թէ Թլաս փորձած է ընդդիմութիւնը իր ղեկավարութեան տակ միաւորել, սակայն ձախողած է: Ան կը նշէ, որ եթէ այդպիսի զարգացում մը տեղի ունենար, սուրիական տագնապի ընթացքին մէջ դրական փոփոխութիւն մը պիտի յառաջացնէր, որովհետեւ Թլաս Ասատի տապալումը ցանկացող շրջանային եւ միջազգային ուժերուն հաւասարապէս ընդունելի դէմք մըն է, եւ քանի այդ մէկը տակաւին տեղի չէ ունեցած, ապա սուրիական տագնապը կրնայ երկարատեւ ըլլալ:

Մինչ այդ, Սուրիոյ խորհրդարանի` Հալէպ քաղաքէն ընտրուած երեսփոխան Իխլաս Պատտաուի երէկ անջատուեցաւ իշխանութենէն եւ Սուրիայէն հեռանալով ապաստան ստացաւ Թուրքիոյ մէջ: Ան «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Թուրքիա անցած է «փախչելով ժողովուրդի արդար պահանջը մերժող եւ ժողովուրդի դէմ բռնութիւն գործող վարչակարգէն»` աւելցնելով, որ «Դամասկոսի իշխանութիւնը Հալէպի եւ ընդդիմադիրներու այլ մեծ քաղաքներու դէմ լայնածաւալ յարձակում կը նախապատրաստէ: Իշխանութիւնները բոլոր քաղաքներու երեսփոխանները Դամասկոս կանչած են», ըսած է ան:

Պատտաուի մայիսին ընտրուած նոր խորհրդարանի արտերկիր փախուստ տուած առաջին երեսփոխանն է:

Նշենք, որ երէկ Հալէպի Սալահէտտինի եւ Սուքարիի նման կարգ մը թաղամասերուն մէջ բախումները շարունակուեցան: Կը նախատեսուի, որ սուրիական բանակը շրջանը զինեալներէ ձերբազատելու համար մեծ արշաւի մը կը ձեռնարկէ:

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք-սուրիական սահմանին սուրիական հատուածի 5 շրջաններու վերահսկողութիւնը քիւրտերուն ձեռքը անցնելու մասին լուրերէն ետք թրքական բանակը զինուորական պատրաստուածութեան կը բերուի: Սուրիոյ հետ սահմանին թրքական կողմը զօրք եւ մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն կը տեղակայուի:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «թրքական կառավարութիւնը սկիզբէն իսկ ընտրած է սուրիացի ժողովուրդին կողքին կանգնիլ»` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը ներկայիս յետասատեան հանգրուանը կը ծրագրէ, որովհետեւ այլեւս գոյութիւն չունի պետութիւն մը, որուն մէջ Ասատի վարչակարգը պիտի շարունակէ իշխանութեան վրայ մնալ:

Ան նշեց, որ «Թուրքիա Սուրիոյ ապագային հիմնարկէքին մէջ հիմնական դերակատար մը պիտի ըլլայ, հակառակ միջազգային այլ փորձերուն»:

Տաւութօղլու յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը սկիզբէն ի վեր կը գիտակցէր, որ այս հանգրուանը դիւրին պիտի չանցնի` նշելով, որ եգիպտական կամ թունուզեան բանակներուն մէջ դասալքութիւններ տեղի չունեցան, այլ միայն սուրիական բանակին մէջ:

Leave a Reply

Advertisement