Monday May 20, 2013

Քրտական Ազգային Խորհուրդը Կը Յայտարարէ . «Հասաքէի Մէջ Քրտականին Փոխարէն Սուրիական Դրօշը Պիտի Բարձրացուի»

By adminx - Sat Jul 28, 7:38 am

Սուրիոյ Իսլահ շարժումի բանբեր եւ Սուրիոյ մէջ Քրտական ազգային խորհուրդի վարչութեան անդամ Ֆայսալ Եուսեֆ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց, որ  «պետական եւ սեփական սպասարկական եւ արտադրողական կեդրոններուն ձեռք չտալու որոշումին որդեգրուելէն ետք Հասաքէ նահանգի կարգ մը պետական շէնքերուն վրայ բարձրացուած քրտական դրօշները վար առնելով անոր տեղ սուրիական ազգային դրօշը բարձրացնելու աշխատանքները սկսան»:

Ան շեշտեց, որ «քրտական քաղաքներուն մէջ ընդդիմութեան ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը շրջանին մէջ «ազատ բանակին» կամ ուրիշին ներկայութիւնը չ՛արդարացներ»` նշելով, որ սուրիական կանոնաւոր բանակն ու ապահովական ուժերը Քամիշլիի եւ Հասաքէի այլ քաղաքներու մէջ տակաւին ուժեղ ներկայութիւն են:

Եուսեֆ պատասխանելով  քրտաբնակ կարգ մը քաղաքներու ՔԱԿ-ի վերահսկողութեան յանձնելու իշխանութիւններու քայլին շուրջ լուրերուն մասին հարցումներու յայտնեց, որ «վերջին երկու օրուան ընթացքին Քրտական ազգային խորհուրդի գործադիր մարմինը ժողով մը գումարեց ներկայութեամբ սուրիական բոլոր նահանգներէն ներկայացուցիչներու, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ պետական եւ սեփական սպասարկական եւ արտադրողական կեդրոններուն ձեռք չտալ, երկրորդ` քաղաքացիական խաղաղութեան համար արաբներու, քիւրտերու, քրիստոնեաներու, ասորիներու միացեալ ազգային խորհուրդ կազմել, եւ երրորդ` Արեւմտեան Քիւրտիստանի խորհրդարանին հետ գոյացաւ համաձայնութիւն, թէ նահանգին մէջ չըլլան եւ պէտք չէ ըլլան զինեալ երեւոյթներ` ընդգծելով յեղափոխութեան խաղաղ բնոյթը եւ մեր շրջանին մէջ իրագործելով անոր նպատակները»:

Ան ըսաւ, որ յառաջիկայ հանգրուանին վերոնշեալ որոշումները «գետնի վրայ պիտի գործադրուին»` նշելով, որ սուրիական դրօշներուն փոխարէն քրտական դրօշներու բարձրացման դէպքերուն հետ Քրտական ազգային խորհուրդը «որեւէ կապ չունէր»:

Եուսեֆ ըսաւ, որ կարգ մը տեղեր քրտական դրօշը արդէն վար առնուած է, եւ այսօրուընէ սկսեալ «խորհուրդի անդամ մեր ընկերները նախկին որոշումները գործադրելու եւ սուրիական ազգային պաշտօնական դրօշները վերադարձնելու հարկադրանքին տակ կը գտնուին»:

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement