Friday May 24, 2013

Յունական Ամսագիր Մը Մերքելը Ցեղասպանութեամբ Կ՛ամբաստանէ

By adminx - Sat Jul 28, 7:36 am

«Քրաշ» ամսագիրին յուլիսեան թիւին կողքը

Գերմանական «Հանտելսպլաթ» թերթը կը գրէ, որ յունական «Քրաշ» ամսագիրը իր յուլիսեան թիւին մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը Կուանթանամոյի բանտարկեալի տեսքով ներկայացուցած է` զայն մեղադրելով յոյներու ցեղասպանութեան համար:

Խմբագրութիւնը ամսագիրի կողքին վրայ տեղադրած է լուսանկար մը, ուր Մերքել կը կրէ Կուանթանամոյի բանտարկեալի նարնջագոյն հագուստ եւ ձեռնաշղթաներ:

«Քրաշ»-ի հրատարակիչ Կիորկոս Թրանկաս կ՛առաջարկէ Գերմանիոյ վարչապետը «ուղարկել» Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարան` մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւններուն մեղադրանքով:

Բացի Մերքելէն, լրագրողները մեղադրեալներու աթոռին վրայ կ՛ուզեն տեսնել նաեւ Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէն, Միջազգային դրամական ֆոնտի նախագահ Քրիսթին Լակարտը, Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոն եւ Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյը:

«Մերքելն ու իր ընկերները չեն հաւատար մարդկային կեանքի արժէքին ու արժանապատուութեան», կը գրէ Թրանկաս: Ըստ անոր, Մերքել Յունաստանը վերածած է ժամանակակից համակեդրոնացման ճամբարի, ուր հրեաներուն փոխարինող յոյները մեկուսացուած են բորոտաւորներու պէս:

Նախապէս, յունական այլ պարբերաթերթ մը Մերքելը  ներկայացուցած էր մտրակը ձեռքին, կրկէսի վարժեցնողի տեսքով, որ յոյն թոշակառուները կը ստիպէ հուրէ օղակներու մէջէն ցատկել:

 

 

Leave a Reply

Advertisement