Sunday May 19, 2013

Ըստ Ազրպէյճանի Ուժանիւթի Նախարարին Ազրպէյճան Անդրկասպեան Կազատարի Կառուցման Համար Ներդրումներ Կատարելու Չի Պատրաստուիր

By adminx - Sat Jul 28, 7:33 am

Նաթիկ Ալիեւ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Նաթիկ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան չի պատրաստուիր ներդրումներ կատարելու Անդրկասպեան կազատարի կառուցման նախագիծին մէջ, որուն միջոցով թուրքմենական կազը պիտի տեղափոխուի Եւրոպա: Պաքու նաեւ չ՛ակնկալեր, որ այդ խողովակաշարը մօտիկ ապագային պիտի կառուցուի:

«Ո՞վ պէտք է Անդրկասպեան կազատարը կառուցէ: Ազրպէյճան ատով հետաքրքրուած չէ: Կառուցման աշխատանքներով պէտք է զբաղին Թուրքմենիստանը կամ եւրոպական ընկերութիւնները», ըսած է ան:

Նախարար Ալիեւ նաեւ նշած է, որ Թուրքմենիստանի հետ կազատարի կառուցման շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերելու պարագային Անդրկասպեան կազատարը Կասպից ծովուն մէջ գոյութիւն ունեցող վիճելի հարցերու պատճառով կարգավիճակի առնչուած որեւէ խնդիր պիտի չունենայ:

«Չկայ որեւէ կապ` Կասպից ծովու կարգավիճակի հարցին եւ Անդրկասպեան կազատարին միջեւ: Ատիկա պէտք է երկու պետութիւններուն միջեւ երկկողմանի համաձայնագիր ըլլայ», ընդգծած է նախարարը:

 

Leave a Reply

Advertisement