Ֆրանսա Հրաժարած Է Շենկենի Գօտիէն Դուրս Գալու Ծրագիրէն
By adminx - Sat Jul 28, 7:32 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
«Եուրոմակ» կը գրէ, որ Ֆրանսա այլեւս չի պատրաստուիր միակողմանի կերպով փակել Շենկենեան գօտիին մէջ իր սահմանները, ինչ որ կը սպառնար կատարել երկրի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի:
Տարեսկիզբին տեղի ունեցած ընտրապայքարին ընթացքին Սարքոզի բազմաթիւ անգամներ յայտարարած էր, որ պիտի դադրեցնէ Շենկենի համաձայնագիրին երկրին անդամակցութիւնը, եթէ մէկ տարուան ընթացքին բոլոր անդամ երկիրները ընդհանուր յայտարարի չգան ներգաղթի, արտաքին սահմաններու հսկողութեան եւ շենկենեան գօտիի նախագահի ընտրութեան հարցերուն մէջ:
«Ինծի համար շատ կարեւոր է ազատ տեղաշարժի սկզբունքը, ուստի ակնդէտ պիտի հետեւիմ ձեռք բերուած Շենկենի համաձայնագիրի հետագայ պահպանման: Ես կը հրաժարիմ սահմանները միակողմանի կերպով փակելու գաղափարէն: Իսկ վերոյիշեալ համաձայնագիրին վերաբերեալ որեւէ որոշում պէտք է ընդունի Եւրոպական Միութիւնը` Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկով», ֆրանսացի ծերակուտականներուն յայտարարած է երկրի ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալս:
Ան նաեւ նշած է, որ կը պատրաստուի որոշ չափով մեղմացնել Ֆրանսայի քաղաքացիութեան տուչութեան հոլովոյթը, որ անհամեմատ բարդացուած էր իր նախորդին` Քլոտ Կէանի կողմէ:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print




