Tuesday May 21, 2013

100-Ամեակի Երիտասարդական Մարմին . Շրջուն Ցուցահանդէսը Առիթ` Ծանօթանալու Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Կարեւոր Սկզբնաղբիւրներու

By adminx - Sat Jul 28, 7:23 am

Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին միջազգային մամուլի անդրադարձներու եւ սքանտինաւեան արխիւներու շրջուն ցուցահանդէսի բացումը:

Արամ Քարատաղլեան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին խօսքը փոխանցեց Արամ Քարատաղլեան, որ  նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը մնայուն կերպով եղած է հայկական եւ արտասահմանեան մամուլին ուշադրութեան կեդրոնը:

«Մամլոյ անդրադարձներն ու հրապարակումները կարեւոր սկզբնաղբիւր հանդիսացան Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուող հիմնահարցերու լուսաբանումին համար: Ուշագրաւ են յատկապէս անգլիական, ռուսական, ֆրանսական, ամերիկեան եւ այլ երկիրներու մամլոյ հրապարակումները, որոնք կ՛անդրադառնան համիտեան կոտորածներուն, Ատանայի արհաւիրքին եւ 1915-1922-ի ցեղասպանութեան», ըսաւ ան:

Ա. Քարատաղլեան նշեց, որ հետաքրքրական են մամլոյ այն հրապարակումները, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը կը ներկայացնեն իրենց առաջին էջերուն վրայ:

«Միջազգային մամուլի անդրադարձներուն կողքին, նաեւ սքանտինաւեան երկիրները կատարեցին մամլոյ հրապարակումներ», ըսաւ Ա. Քարատաղլեան:

Թուխիկ Աւետիսեան

Հայոց ցեղասպանութեան մասին միջազգային մամուլին անդրադարձին եւ սքանտինաւեան արխիւներուն առումով իր կատարած անդրադարձին մէջ Ա. Քարատաղլեան ըսաւ. «Օսմանեան կայսրութեան մէջ հաւատարմագրուած շուէտացի, դանիացի, նորվեկիացի դիւանագէտներ, միսիոնարներ, նպաստամատոյց կազմակերպութեան աշխատողներ, ինչպէս նաեւ Սքանտինաւիոյ մէջ գտնուող բազմաթիւ անհատներ, գրողներ, եկեղեցականներ, լրագրողներ եւ նոյնիսկ աշակերտներ կը նպաստէին Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու` մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար»:

Իր խօսքին վերջին բաժինով, Ա. Քարատաղլեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կազմակերպած այս ցուցահանդէսը կը նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին օտար սկզբնաղբիւրներու ծանօթացման եւ տարածման կարեւոր գործին:

Գեղարուեստական յայտագիրին շրջագիծին մէջ ասմունքով հանդէս եկաւ Թուխիկ Աւետիսեան, տուտուկով ելոյթ ունեցան Յակոբ եւ Սերօ – Աւօ Քելուկեաններ:

Յակոբ եւ Սերօ-Աւօ Քելուկեաններ

Գեղարուեստական յայտագիրին փակումը կատարեց Նոր սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբը` հայկական աւանդական պարով:

«Նոր սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբ

Շրջուն ցուցահանդէսը առիթ հանդիսացաւ, որ լիբանանահայ երիտասարդները ծանօթանան Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին անդրադարձող շատ կարեւոր միջազգային աղբիւրներու:

Յայտնենք, որ շրջուն ցուցահանդէսը բաց է նաեւ այսօր` շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Leave a Reply

Advertisement