Վեց Նորընծայ Աբեղաներ Իրենց Անդրանիկ Պատարագը Պիտի Մատուցեն Կիրակի Օր
By adminx - Sat Jul 28, 7:22 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Քառասուն օրեր առաջ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի շրջանաւարտ վեց սարկաւագներու աբեղայական ձեռնադրութիւնը: Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, անոնք քառասուն օրեր աղօթքի, ծոմապահութեան եւ հոգեմտաւոր խոկումի շրջան մը անցուցին Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ: Այս շրջանին մէջ վեհափառ հայրապետը յաճախակի առիթներով նորընծաներուն խօսեցաւ հոգեւորականի կոչումին եւ պատասխանատուութեանց առնչուած նիւթերու մասին:
Վեհափառը նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանական օրէնքներուն համաձայն յատուկ պաշտօններ յանձնեց նորընծայ աբեղաներուն: Այսպէս, Զարեհ եւ Գարեգին աբեղաներ մաս պիտի կազմեն դպրեվանքի տեսչութեան` իբրեւ հսկիչ եւ ուսուցիչ իրենց մասնակցութիւնը բերելով դպրեվանքի աշխատանքներուն: Հայր Տաճատ նշանակուեցաւ Անթիլիասի Մայր տաճարի լուսարարապետի օգնական, հայր Նշան վեհարանի հիւրընկալ եւ մառանապետ, հայր Սմբատ` մատակարար, հայր Պարոյր` «Կիլիկիա» թանգարանի փոխտեսուչ:
Նորընծայ աբեղաները իրենց անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցեն կիրակի, 29 յուլիս 2012-ին, Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print



