Հաղորդագրութիւն
By adminx - Sat Jul 28, 7:21 am
- 0 Comments
- 92 views
- Tweet
Email
Print
Ինչպէս որ սփիւռքը կարիքը ունի հայրենիքին հայկական շունչին, նոյնպէս հայրենիքը կարիքը ունի սփիւռքի մէջ հասակ առած հայրենասէր երիտասարդներու հայրենասիրական կազմուածքին, եւ քանի որ օտարութեան մէջ հայ մնալու մարտահրաւէրները հետզհետէ կը դժուարանան, կը դժուարանայ նաեւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութեան ամրութիւնը: ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը երկար տարիներու փորձառութենէ ետք «Քաշաթաղը իմ տունն է 2012» կրթական եւ դաստիարակչական թարմացած ծրագիրով կը շարունակէ մաս կազմել Արցախի պատանիներուն սփիւռքեան շունչով հայակերտման աշխատանքին: Ասոր մասին «Վանայ ձայն»-ի հետ հեռաձայնային կապով մը հաղորդեց Ներսէս Պոտրումեան: Ան ըսաւ, որ արցախցիները գիտեն իրենց պատմութիւնը, սակայն մենք կու գանք զայն փոխանցելու նաեւ դաշնակցական ոգիով: Ծրագիրին մասնակից մանուկներ վկայեցին այդ մասին. Լուսինէն ըսաւ, որ 2-րդ տարին ըլլալով կը մասնակցի ճամբարին եւ շատ կը սիրէ պատմութիւնը, քանի որ հետաքրքրական միջոցներով կը փոխանցուի եւ իր սորվածներուն մասին նորութիւններ կը քաղէ: Սոնան ըսաւ. «Ես կ՛ուզեմ, որ ամէն տարի այս ուսուցիչները գան»: 8-ամեայ Արմինէն ըսաւ, թէ շատկը սիրէ ֆիտայական երգերն ու պարերը` աւելցնելով, որ «բոլորը պէտք է հոս գան, որպէսզի միասին ապրինք»:
Պոտրումեան յայտնեց, որ ծրագիրին աւարտին տեղի պիտի ունենայ փակման հանդէս մը, որուն հրաւիրատոմսերը կը պատրաստէ «Թաթուլ Կրպէեան» փոքրերու խումբը: Հանդէսը պիտի ընդգրկէ ասմունք, ազգագրական պարեր եւ ՀՅԴ-ի պատմութենէն ներշնչուած թատրոններ: Աւարտին մասնակիցները պիտի ստանան վկայագիր եւ սկաւառակ:
Սոյն հարցազրոյցը կարելի է լսել հետեւեալ հասցէով. http://voiceofvan.net/content/zom-artsakh-yev-asbed-jampar-27072012:
- 0 Comments
- 92 views
- Tweet
Email
Print



