Saturday May 18, 2013

Ախոյեանը Եւ Աւելի՛ն (Յովհաննէս Ծատուրեանի Յիշատակին)

By adminx - Sat Jul 28, 5:46 am

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Մահը մերն է, մենք մահինը,\ Մարդու գործն է միշտ անմահ…»: Առածի կարգ անցած Թումանեանի այս տողերը յաճախ կը կրկնենք, երբ կը խօսինք ապրող կամ անմահութեան անցած վաստակաւորներու մասին:

Այս տողերը յիշելու առիթ մը եւս ապրեցանք վերջերս, երբ կորսնցուցինք բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական մը, ախոյեան մը եւ լուռ ու մունջ ծառայող մը, որ կը կոչուէր Յովհաննէս Ծատուրեան:

ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանախօսքային սկզբունքը լիովին մարմնաւորողներէն էր Յովհաննէս Ծատուրեան, եւ իր անունը անքակտելիօրէն, նաեւ արդա՛րօրէն կապուած էր ՀՄԸՄ-ին, այդպէս ալ պիտի մնայ մի՛շտ:

Լիբանանի նախատագնապեան տարիներուն հայութիւնը պարծանքի ու հպարտութեան բազմաթիւ աղբիւրներ ունեցած է նա՛եւ մարզական կալուածին մէջ: ՀՄԸՄ-ը եղած է այդ աղբիւրներուն գլխաւոր աւազաններէն (չէ՞ որ բազմաթիւ ակերով աղբիւրներ, երբ բխին, աւազան կը կազմեն գետի վերածուելէ առաջ…): Ու աւելի քան 50 տարի առաջ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբը իր տոմարներուն վրայ, բազմաթիւ այլ ախոյեաններու շարքին, հպարտօրէն արձանագրած էր Յովհանէս ու Վարդգէս Ծատուրեան եղբայրներուն անունները, իսկ Լիբանանը` Յովհաննէս Ծատուրեան ախոյեանին անունը:

Վստահաբար իր յիշատակը պահողներ բազմաթիւ են ու այս տխուր առիթով ուրախ ու հպարտառիթ յուշեր ունին բաժնելիք ընթերցողներուն հետ, յատկապէս` երիտասարդութեան: Անոնք պիտի վկայեն, որ Յովհաննէս Ծատուրեան մարզիկը եղաւ նաեւ մարզիչ, վարչական, յանձն առաւ բազմայարկ պատասխանատուութիւններ: Այս սիւնակը Յովհաննէս Ծատուրեանի մարզական յաղթանակներուն ու նուաճումներուն մասին ըլլալէ աւելի` տարբեր վկայութիւն մըն է նախկին ախոյեանին ծառայասիրութեան, ՀՄԸՄ-ականութեա՛ն մասին: Պէտք կա՞յ կրկնելու, որ ՀՄԸՄ-ականը, մարզական նուաճումներու ձգտելու կողքին, է՛ ու պիտի մնայ նաեւ ազգին ուխտեալ զինուորը, մարզական կեանքը անոր համար ինքնանպատակ չէ…

***

Վկայութիւնը Լիբանանի տագնապալի օրերուն հետ կապ ունի:

Յ. Ծատուրեան կը բնակէր «Ազդակ»-ի նախկին` «Արեւմտեան Պէյրութ»-ի տպարանին ու խմբագրատան դրացնութեամբ, երբեմն կը հանդիպէր տպարան` զրուցելու մարզական լուրերու պատասխանատուին կամ այլ անդամներու հետ: Եւ թերթը, որ անցեալին անոր մարզական նուաճումներուն հպարտանքը բաժնեկցած էր ընթերցողին հետ, այդ տարիներուն իր մէկ լուռ ծառայութեամբ հպարտ զգալու առիթներ ունեցաւ բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ, բայց մի՛շտ վստահելով փորձառու հեծելանւորդի անոր վաստակին:

Այսօր արդէն աւելի քան 20 տարիներու «հեռու» յիշատակ են այն օրերը, երբ Պէյրութը երկուքի բաժնուած էր «կրակէ գօտի»-ով մը. ժամանակաշրջան մը, որ տեւեց աւելի քան 15 տարի եւ վատ ու մութ տողեր արձանագրեց Լիբանանի պատմութեան մէջ: «Ազդակ»-ին համար այդ տարիներէն մնացած են բազմաթիւ դառն յիշատակներ, որոնցմէ մաս մը կապ ունի այն իրողութեան հետ, որ իր այժմու` Պուրճ Համուտի խմբագրատան-տպարանին մէջ հաստատուելէ առաջ կը գործէր ու լոյս կը տեսնէր «արեւմտեան» գօտիին մէջ, հետեւաբար մամուլի «փուռ»-էն դուրս եկած թերթը ամէն օր «արեւելեան« շրջան փոխադրելու անձկութիւնը կ՛ապրէր: Առաւօտուն հակադիր զինեալ կողմերուն «տրամադրութիւնը» ի՞նչ պիտի ըլլար: Կարելի պիտի ըլլա՞ր թերթը ընթերցողին հասցնել, ի՞նչպէս, ո՞ր ճամբով: Եթէ մայրաքաղաքին «անցքերը» փակ ըլլային, պէտք էր դիմել երկրորդական, լեռնային ճամբաներու ընտրանքին, առանց վստահ ըլլալու, թէ փոխադրողին գլխուն փորձանք մը պիտի չգայ: Հարցերէն մէկն ալ այն էր, որ փոխադրող պատասխանատուները, ընդհանրապէս ըլլալով «արեւելեան» շրջանի բնակիչ, պարտաւոր էին արեւածագէն առաջ կտրել «սահմանագիծ»-ը, հասնիլ տպարան ու թերթերը ինքնաշարժ բեռցնելով` վերադառնալ «արեւելք», առանց վստահ ըլլալու, թէ ո՛ր ճամբան պիտի պարտադրուի իրենց: Տպարան հասնողը վստահ չէր, թէ նոյն ճամբէն պիտի թոյլատրուի վերադառնալ: Իսկ եթէ այդ ժամուն զինեալները բարեհաճած չըլլային «անցքերը» բանալո՞ւ…

Ահա նման օրերու էր, որ «Ազդակ» յաճախ ապաւինեցաւ Յովհաննէս Ծատուրեանի գիւտերուն: Անոր աշխատանքի վայրը «արեւելեան» շրջանին մէջ էր ու ամէն օր իր փոքր, նարնջագոյն ինքնաշարժով կը կտրէր «սահմանագիծը»` երեկոյեան վերադառնալու պայմանով: Իմացեր էր, որ թերթին փոխադրութիւնը ինչպիսի՛ դժուարութիւններու կը հանդիպի: Ներկայացեր էր տնօրէնութեան` բացատրելով, որ տրամադիր է թերթը փոխադրելու, եթէ պատահի, որ ցրւումի պատասխանատուն չկարենայ տպարան հասնիլ առաւօտուն:

«Անցքերը փակ են»-ը Յովհաննէս Ծատուրեանին համար չէր. բացատրեց, որ հեծելանւորդի օրերուն, մարզուելու համար, հեծիկովը «չափած» էր լեռնային գրեթէ բոլոր ճամբաները: Զինեալները կրնային փակել շատերուն ծանօթ ճամբաները, իսկ ինք գիտէր, թէ ո՞ւր կայ երկրորդական, երրորդական կամ շատերուն համար անծանօթ-անկոխ ճամբաներ, ուրկէ երթեւեկելը ոչ ոքի միտքէն պիտի անցնէր, հետեւաբար, զինեալներ պիտի չմտածէին հոն անցարգել դնելու եւ «ներքին երթեւեկը» արգիլելու:

Եւ յաճախ կը պատահէր, որ «արեւելեան» շրջանէն տուն վերադարձին, տուն չգացած, հանդիպէր տպարան (ուր տեղի կ՛ունենար խմբագրական գիշերային աշխատանքին մեծ մասը) եւ բարի ժպիտով մը եւ իր համեստութիւնը մատնող մեղմ ձայնով յիշեցնէր.- «Այնպէս կ՛երեւի, որ ճամբաները փակ պիտի ըլլան վաղը առտու, եթէ ցրուիչը չգայ, թերթը ես կը տանիմ…»: Եւ իր նախատեսութիւնը ճիշդ դուրս կու գար ընդհանրապէս: Դարձած էր ճամբաներուն «ջերմաստիճանը» լաւապէս կռահող մը: Հազուադէպ էր, որ խմբագրատունէն դիմէինք իրեն, որովհետեւ ի՛նք կ՛ըլլար «թերթը վաղը ես կը տանիմ» առաջարկողը, պատրաստակամութիւնը ընդհանրապէս կու գար իրմէ:

Տագնապալի տարիներու աւարտէն առաջ  «Ազդակ» հաստատուեցաւ իր սեփական շէնքին մէջ, Պուրճ Համուտ. նախընթաց փուլին չափ չէինք վայելեր իր այցելութիւնները, թէեւ կապը պահեց միշտ: Յետոյ պատերազմական վիճակը վերջ գտաւ, «սահմանագիծ», «արեւելեան-արեւմտեան Պէյրութներ» հասկացութիւնները մոռցուեցան. այսօր կայ սերունդ մը, որուն համար (բարեբախտաբար) շօշափելի չեն այդ դառն տարիները, այլ պարզապէս լսովի պատմութիւն: (Տագնապի փուլին ալ, հասակ առաւ սերունդ մը, որուն համար նախատագնապեան հաճելի Լիբանանը լսովի երազանք էր միայն): Սակայն իսկական Յովհաննէս Ծատուրեանի` «մի՛շտ պատրաստ» ՀՄԸՄ-ականին լուռ ծառայութիւնները անմոռանալի են ու պէտք է մնան, ինչպէս որ անմոռանալի են ախոյեանի ու վարչականի անոր վաստակները:

 

 

Leave a Reply

Advertisement