Sunday May 26, 2013

Հրաժեշտ` Համեստ Ախոյեանին

By adminx - Sat Jul 28, 5:44 am

Զ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ

Երբեմն իր կեանքին մէջ, մարդ արարածը այնպիսի փորձառութիւններ կ՛ապրի կամ այնպիսի պատահարներու ականատես կ՛ըլլայ, որ իր մտքի եւ խելքի «յիշողութիւն» կոչեցեալ մթերանոցին մէջ դէպքեր ու դէմքեր կ՛ամբարէ ամենայն գուրգուրանքով եւ ուշադրութեամբ:

Յովհաննէս Ծատուրեան այդ դէմքերէն,  տիպարներէն մէկն է, որ մտային իւրայատուկ շտեմարանիս մէջ կայք հաստատած է եւ հոն ալ ամրօրէն կառչած կը մնայ: Այնքան մը, որ հեռաւոր Նոր Աշխարհի մէջ, երբ պատահմամբ կարդացի իր մահուան գոյժը… յուզումէն աւելի` զայրացայ հեծելանւորդին, ախոյեանին, տիպար հայորդիին ու միութենականին «սուսիկ-փուսիկ» հրաժեշտէն:

Չէ՜… Այդպէս, ժամացոյցին եւ ժամանակին դէմ տեղի տուած, դէպի անդէնական պէտք չէր մեկնէր մեր սիրելի ախոյեանը «դեղին շապիկաւոր»-ը:

Գլուխ, միտք, խելք, ուղեղ… այս ամբողջական բնագաւառիս մէջ նաեւ գոյութիւն ունի իւրայատուկ բառարան-համայնագիտարան մը, որուն մէջ կարգ մը բառեր ու անուններ կը նկատուին հոմանիշ: Այսպէս, «հեծիկ» բառին հոմանիշը իմ իւրայատուկ մտային բառարանիս մէջ եղած է պարզապէս` Ծատուրեան… որուն ետին կը կանգնի յատկապէս նոյնինքն բազմիցս Լիբանանի ախոյեանութեան տիրացած Յովհաննէսը: Այս մէկը, իսկապէս դժուար է լսատեսողական իմաստով ներկայացնել ու նկարագրել: Եւ այս մէկ երեւոյթին մասին, երբ պատահմամբ իրեն տեղեկացուցի, զարմացած նայուածք մը նետեց եւ կարճ ու կտրուկ եւ ամենայն պարզութեամբ պատասխանեց. «Շատ չափազանցելու կարիք չկայ…»: Անոր համար անհասկնալի էր որ երբ աշխարհի մէջ Ֆաուսթօ Քոփիի, Ժաք Անքըթիլի, Պեռնար Հինոյի կամ Էտի Մերքսի (դեռ Միկել Ինտուրայնի, Կրեկ Լըմոնտի կամ Լենս Արմսթրոնկի նման աստղեր չէին փայլած) նման հռչակաւոր հեծելանւորդներ գոյութիւն ունէին եւ անոնց փոխարէն` ինք «աստուածացուած» էր:

Հաւանաբար ճիշդ էր եղբ. Յովհաննէսը, որ իմ մտային բառապաշարիս եւ բառարանիս մէջ պէտք էր փոփոխութիւն մը, սրբագրութիւն մը կատարէի: Սակայն անցեալը այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած էր, որ մեր տրամաբանութեամբ Յովհաննէսին նման աստղեր, խմբային թէ անհատական ժամացոյցի դէմ մրցումներուն, լեռնային թէ անծայրածիր դաշտային հանգրուաններուն կը գերազանցէին վերոնշեալ համաշխարհային աստղերը:

Հեծիկ = Ծատուրեան բաղդատութեան եւ հասկացողութեան մասին յաւելեալ կացութիւններ տեղին է ներկայացնել: Այսպէս, եղբ. Յովհաննէսին մահէն տասնեակ մը օրեր առաջ, անգամ մը եւս զինք յիշեցի, երբ կ՛ըմբոշխնէի պելճիքացի Տարտեն եղբայրներու «Լը Կամեն օ վելօ» ժապաւէնը: Պատճա՞ռ… Ոչ մէկ կապ հեծելանւորդութեան կամ հեծելարշաւին հետ, այլ պարզապէս մանչուկի մը պատմութիւնն էր իր «Ծատուրեան»-ին, այսինքն` հեծիկին հետ: Այդ միեւնոյն «Ծատուրեան»-ը երկինքն ի վեր բարձրացած էր` հասնելով լուսնին, տասնեակ մը տարիներ առաջ, երբ Լիբանանի մէկ մութ սրահներէն մէկուն մէջ կ՛ըմբոշխնէի Սթիւըն Սփիլպըրկի տարօրինակ գործերէն` «Ի. Թի.»-ն:

Տեսողականին կողքին, լսողական բնագաւառին մէջ ալ Ծատուրեան ներկայ էր, յատկապէս երբ ցայսօր մերթ ընդ մերթ կ՛ունկնդրեմ Իվ Մոնթանի գերհաճելի «Ա պիսիքլեթ» երգը: Կատարուածն ու ստեղծուած կացութիւնը չափազանցութիւն չէ, այլ` իրականութիւն մը, որ ներկայ օրերու ապրելակերպով բնականաբար հետզհետէ պիտի մոռցուի եւ նկատուի անբնական:

Ախոյեանին ծանօթացայ, երբ պաշտօնապէս ձգած էր «Ծատուրեան»-ի, այսինքն հեծիկի աշխարհը: Ամենայն կապուածութեամբ ան հերթաբար կ՛այցելէր «Ազդակ»-ի տպարան, որ այդ օրերուն կը գտնուէր Արեւմտեան Պէյրութի Ուաթ Ուաթ թաղին մէջ): Իր բնակավայրը (մօտակայ «Բագին» գրական պարբերաթերթի շէնք) մօտ ըլլալով «Ազդակ»-ին`անոր համար սովորութիւն եղած էր նոյնիսկ կարճ այցելութիւն մը կատարել եւ պարզապէս «բարեւ» մը ըսել:

Խոր նայուածք մը եւ լուրջ խօսակցութիւն, որոնք յարգանք կը պարտադրէին: Հետաքրքրական էր լսել իր ունեցած փորձառութիւնները` թէ՛ իբրեւ հեծելանւորդ եւ թէ՛ իբրեւ հայորդի:

Բազմիցս այդ լուրջ խօսակցութիւնը յանկարծ յօնքերու շարժումին փոփոխութիւնով, կը վերածուէր հաճելի սրամտութեան մը` առնուած անցեալի դրուակներէն:

Ճամբաներու, երկրորդական անցքերու եւ դեռ արահետներու մէջ մասնագիտացած էր եւ ակնածանքով կ՛արտայայտուէր կարգ մը լեռնային  թաքուն ճամբաներու մասին: Ան յատուկ սէր մը ունէր Շուֆի շրջանին հանդէպ եւ արաբերէն բառախաղով մըն ալ «Պէտք է տեսնել Շուֆ»-ը կ՛ըսէր:

Արաբերէ՞ն… մասնագիտացած էր այդ լեզուին մէջ, այնքան մը, որ կրնար զանազան շրջաններու յատուկ բարբառով խօսիլ, անսխալ եւ ճշգրիտ հնչիւնով:

Պայմաններն ու իր առողջական վիճակը չթոյլատրեցին, որ ան իր ներդրումը կատարէ Հայաստանին: Չզարմանանք, ան կրնար դիւրութեամբ կազմակերպել իր պաշտած Հայաստանին շրջավազքը կամ նոյնիսկ իր նախասիրած Փարիզ – Ռուպեմրցումին մէկ նմանօրինակը` Շուշի – Ստեփանակերտ, որուն յաղթանակը կրնար տիրանալ իր յաջորդ սերունդներէն ծնունդ առած եւ հոն ալ զոհուած «Վիգէն Զաքարեան» բաժակը: Երազնե՜ր…

Տարիներ ետք «Ազդակ»-ն ալ, ինքն ալ հրաժեշտ տուած էինք Ուաթ Ուաթին: Գրեթէ չէինք տեսնուեր այս համակրելի եւ մանաւանդ համեստ տիպարին: Զարմանալիօրէն վերոյիշեալ նկարագրած «հեծիկային» եւ «հեծելանւորդային» տեսարաններն էին, որոնք կը յիշեցնէին եղբ. Յովհաննէսին տիպարը: Կը տեղեկանայի, թէ անհանգիստ է, ապա ծանր հիւանդ եւ…

ՀԱՅ էր Յովհաննէս, բառին բուն իմաստով եւ հլու ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ տիպար մը, եւ այդ մէկն ալ ամենայն ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ առմամբ, եւ աւելի՛ն, ինքնին ՄԻՈՒԹԻՒՆ մըն էր: Այս բոլորը` առանց բառերը ծամծմելու եւ անիմաստ շատախօսութիւններ ու ծայրայեղութիւններ կատարելու:

Վերոնշեալ բառերը գլխագիր եւ եթէ կը փափաքի՛ք, նաեւ` ընդգծուած, բաւարար են ներկայացնելու այս իւրայատուկ տիպարը:

Դրօշակը կը ծածանի… Առանձին ժամանման գիծ կը սուրայ ախոյեանը… Որոտընդոստ ծափողջոյններ:

 

Պոսթըն – Մասաչուսէց

Leave a Reply

Advertisement