Յովհաննէս Ծատուրեան` Անշրջելի Ճշմարտութիւն
By adminx - Sat Jul 28, 5:42 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
ՈՒԱՏԻՀ ԱՊՏԵԼՆՈՒՐ
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի
նախկին ընդհանուր քարտուղար
Յովհաննէս Ծատուրեանը ճանչցայ իբրեւ հեծելարշաւի սիրահար, երիտասարդ տարիքէն մինչեւ ծերութիւնը: Ան կը խօսէր հեծելարշաւի պատմութեան, մրցումներուն եւ ախոյեաններուն մասին` սկսելով իր օրերէն, անցնելով իր եղբօր` Վարդգէսին ժամանակաշրջանէն, հասնելով մինչեւ Հրաչին եւ Վաչէին սերունդները:
Երբ Յովհաննէսը ստանձեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին փոխնախագահի պաշտօնը, երբեք չհեռացաւ ճամբաներէն, այլ ընդհակառակը, ան բազմապատկեց մրցումները եւ հսկեց ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբերուն, մարզեց ազգային խումբերը, ընկերակցեցաւ անոնց, նոյնիսկ երբ ճամբաները փակ էին ու պատանդը` զինեալներուն ու անցարգելներուն:
Այսուհանդերձ, ան շարունակեց կազմակերպել մրցումներ եւ ախոյեանութիւններ, եւ երբե՛ք չզլացաւ թիկունք կանգնիլ ազգային խումբերուն եւ ուզեց, որ Լիբանանը մի՛շտ ու միշտ մասնակցի միջազգային մրցումներուն:
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, նախագահութեամբ լուսահոգի Թանիոս Միրի, բաւական փորձառութիւն ձեռք ձգեց Յովհաննէսի վարչական տաղանդէն, թեքնիք գիտելիքներէն եւ հարցերը լուծելու ունակութենէն, նկատի ունենալով անոր աւելի քան կէս դարու նուաճումները, յաղթանակները, որոնց մասին բոլորը կը վկայեն. Լիբանանի ախոյեանութիւններու մասնակցութիւն, արաբական մրցումներու ու յատկապէս Լիբանանի շրջավազքի յաղթանակներ, որոնց վրայ կու գայ աւելնալու ՀՄԸՄ-ի խումբերուն արձանագրած իրերայաջորդ մրցանիշները անհատական թէ խմբային մակարդակներուն վրայ եւ ցարդ կը մնան անպարտելի:
Յովհաննէս Ծատուրեանը կը մնայ Լիբանանի ու ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի առաջնորդն ու նահապետը, որ կարողացաւ զարգացնել այս մարզը եւ յայտնաբերեց ախոյեաններ տասնեակ տարիներով:
Յովհաննէս Ծատուրեան, անշրջելի ճշմարտութիւն ես ու պիտի մնաս ներկայ քու սիրելիներուդ մօտ:
Համբերութիւն` ընտանիքիդ ու ընկերներուդ:
Անցած ճանապարհդ պիտի վերածուի սերունդներու դարբնոցի եւ քու վառած ջահդ պիտի մնայ անմար:
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print



