Յետմահու Նամակ
By adminx - Sat Jul 28, 5:38 am
- 0 Comments
- 99 views
- Tweet
Email
Print
ՎԱՉԷ
Սիրելի՛ Յովհաննէս ամմօ,
Այս նամակը քեզի կը գրեմ ո՛չ թէ իբրեւ պարտականութիւն, այլ կ՛ուզեմ քեզի ըսել քանի մը բաներ, զորս հաւանաբար պիտի չուզէիր, որ ըսեմ յատկապէս այն պատճառով, որ երբեք չես փնտռած պաշտօն, փառք կամ շնորհակալական խօսքեր: Ներէ՛ ինծի այս անգամ: Ես կ՛ուզեմ ըսել` «Շնորհակալ եմ»: Շնորհակալ եմ, որ դուն հեծելարշաւի սիրահար էիր, շնորհակալ եմ, որ ախոյեաններու փաղանգին կը պատկանիս, շնորհակալ եմ, որ Ծատուրեան մականունը նոյնացուցած ես ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի պատմութեան, շնորհակալ եմ, որ Վարդգէսին, Հրաչին եւ իմ «ետեւէս վազած ես», ջուր տուած ես, հեծիկին անիւները փոխած ես մրցումներուն եւ փորձերուն ատեն ցուցմունքներ տուած ես, խրատած ես եւ նոյնիսկ ի հարկին, բարկացած ես ու ջղայնացած: Շնորհակալ եմ, որ յատկապէս զիս քաջալերած ես: Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ ըսիր. «Եթէ յաղթես, քեզի փինկ-փոնկի ռաքէթ պիտի գնեմ եւ ՀՄԸՄ-ի փինկ-փոնկի ներկայացուցչական խումբին հետ փորձեր պիտի ընես»: Ես 13 տարեկան էի, եւ այս խոստումը կը բաւէր, որ ես լուրջ փորձեր ընէի, նոյնիսկ տանդ մէջ Մհերին հետ փինկ-փոնկ խաղայի մինչեւ ուշ գիշեր` պատրաստուելու համար ԼԵՎԱՄ-ի աւարտական մրցումին: Ես յաղթեցի, եւ դուն խոստումդ յարգեցիր: Շնորհակալ եմ: Թէեւ չշարունակեցի փինկ-փոնկ խաղալ, բայց եւ այնպէս շատ լաւ գիտէիր, թէ «արիւնս» եւ «մականունս» զիս ուրիշ տեղ կը տանէին, իսկ Ծատուրեան ընտանիքին անդամ ըլլալը ա՛լ առաւել կը ճնշէր վրաս: Կարելի չէր ուրիշ մարզաձեւ կիրարկել: ՀՄԸՄ-ի շապիկը հագնիլը եւ անոր անունը բարձր պահելը, ի գին տարբեր զոհողութիւններու եւ արկածներու, աւելի կարեւոր էր, քան` որեւէ այլ նուաճում: Ճիշդ է, որ Մհերը չկրցաւ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբին մաս կազմել, բայց ան հագաւ եռագոյն շապիկը եւ պասքեթպոլի դաշտերուն վրայ ներկայ գտնուեցաւ:
Յովհաննէ՛ս ամմօ, ճիշդ է նաեւ, որ դուն եւ Վարդգէսը չկրցաք մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն, բայց եւ այնպէս քու երազդ իրականացուցինք մենք` Հրաչը եւ ես, շնորհիւ քու մարզումներուդ, ցուցմունքներուդ եւ անգնահատելի զոհողութիւններուդ: Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ 1991-ին հայրս հիւանդանոցն էր, դուն ալեհեր մազերովդ քովէս վազեցիր, քաջալերեցիր, հմուտ ցուցմունքներ տուիր, եւ ես որ գրեթէ յոյս չունէի 3 վայրկեան ուշացումս յաղթահարելու, կարողացայ Ֆթրիի բարձրունքները նուաճել, 7-րդ դիրքէն հասնիլ առաջին դիրք, յաղթել մրցումը ու դառնալ Լիբանանի ախոյեան:
Յովհաննէ՛ս ամմօ, հանգիստ եղի՛ր ու մի նեղանար, եթէ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները երբեմն պարտուին. ես վստահ եմ, որ անոնք քու շունչովդ պիտի շարունակեն մրցիլ: Երբ հիւանդ էիր կը խօսէինք ձեր օրերուն մասին, բաղդատական մը կ՛ընէինք, եւ դուն դրուագներ կը պատմէիր: Հանգի՛ստ եղիր, ամմօ՛, ՀՄԸՄ-ը 7 տարիներու ընթացքին շահեցաւ 4 յաջորդական խմբային ախոյեանութեան եւ 3 անհատական ախոյեանութեան տիտղոսներ: Անոնք նաեւ մաս կազմեցին Լիբանանի ազգային խումբին, ինչպէս դուք ըրած էիք:
Ամմօ՛, խօսք կու տանք Հրաչը եւ ես, որ պիտի շարունակենք քու ու հօրս երթը եւ բարձր պիտի պահենք ՀՄԸՄ-ի դրօշը եւ վառ պիտի պահենք Ծատուրեան ընտանիքին աւանդութիւնը:
Միայն մէկ բան պիտի չկարենամ ընել այլեւս: Երբ արաբները, ընկերներդ, ՀՄԸՄ-ական եղբայրները հարցնեն` «ինչպէ՞ս է Ծատուրը», պիտի չկարենամ զսպել արցունքներս:
Բարի՛ երթ, ամմօ՛, մամային բարեւ ըրէ…
- 0 Comments
- 99 views
- Tweet
Email
Print



