Յակոբ Գալայճեանի Յիշատակին
By adminx - Sat Jul 28, 5:36 am
Դաժան են մահն ու ճակատագիրը, սակայն անոնց հետ հաշտուիլը միակ ընտրանքն է:
Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ ազնիւ հայորդի մը, բարի եղբայր մը եւ ընտանիքի հայր մը, որ սիրուած էր ամբողջ շրջապատին կողմէ` յարգանք պարտադրելով իր անձին հանդէպ:
Յակոբ Գալայճեանի անակնկալ մահուան գոյժը տխրեցուց բոլոր ՀՄԸՄ-ականները, ինչպէս նաեւ` իր բոլոր ծանօթները:
Բոլոր զինք ճանչցողները կրնան վկայել Յակոբ Գալայճեանի ազգասիրութեան, ծառայասիրութեան ոգիին ու անոր մարդկային արժանիքներուն անժխտելիութեան մասին:
Յակոբ Գալայճեան կ՛անտեսէր անձրեւն ու արեւը եւ ամէն կիրակի օր միշտ ներկայ էր կա՛մ Անթիլիասի մայրավանքի եւ կա՛մ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին:
Անկարելի էր, որ եղբայր Յակոբ բացակայէր ազգային ձեռնարկներէ, տօնական հանդիսութիւններէ, յուշահանդէսներէ, մշակութային թէ մարզական հաւաքներէ:
Եղբայր Յակոբ Գալայ ճեան հպարտութեամբ կ՛արտայայտուէր, որ ինք բաժանորդագրուած է ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին առաջին օրէն եւ ունի «Մարզիկ»-ի ամբողջական հաւաքածոն:
Երկու ամիս առաջ տեղի ունեցած Մայիսեան փառատօնէն իր բացակայութիւնը «աչքի զարկաւ», որովետեւ բնական չէր, որ ան նման ձեռնարկէ մը բացակայէր:
Յակոբ Գալայճեան իբրեւ շառաւիղը ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդին` ինքնաշխատութեամբ յաջողած էր դէմ դնել կեանքի դժուար պայմաններուն, կազմած էր աւանդութիւններու հաւատարիմ հայ ընտանիք ու հայօրէն դաստիարակած էր իր զաւակները:
Եղբայր Յակոբ գործեց անսահման նուիրումով եւ անձնազոհութեամբ ազգային, կուսակցական, ՀՄԸՄ-ի եւ հայրենակցական միութեան կառոյցներուն մէջ:
Մտահոգուեցաւ հայութեամբ, հայրենիքով եւ ազգային ցաւերով, ապրեցաւ հայրենիքի կարօտով, ուրախացաւ Հայաստանի անկախացումով եւ աչքերը փակեց գոհունակ` տեսնելէ ետք նորանկախ հայրենիքի անկախացման 20-ամեակի տօնակատարութիւնները:
Սիրելի՛ եղբայր Յակոբ, միշտ պիտի յիշենք քեզ:
Քանի մը տողերով այս գրութիւնը պիտի սփոփէ մեր ցաւն ու վիշտը` քու անակնկալ մեկնումիդ ի լուր:
Թող երթդ բարի ըլլայ, հակառակ անոր որ անդարմանելի է կորուստդ եւ անմոռանալի յիշատակներ ձգած ես մեր հոգիներուն մէջ :
Երթդ բարի, որովհետեւ քու անմնացորդ ու անշահախնդիր տարիներու վաստակդ օրինակ պիտի դառնայ եւ ոգեշնչէ մեզ:
Խունկ ու մոմ քու անթառամ յիշատակիդ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ






For His forty days memory