50 Տարի Առաջ ( 28 Յուլիս 1962 )
By adminx - Sat Jul 28, 5:31 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
Խմբագրական
Խանասորի Հրաշքը
Ազգերու պատմութեան մէջ յաճախ շատ աւելի կը յիշուին եւ կը փառաբանուին իրենց տարողութեամբ փոքր դէպքեր, քան թէ` մեծ եւ արիւնալի ճակատամարտեր:
Դէպքի մը կարեւորութիւնը, հետագայ սերունդներուն համար, թուական տուեալներով չի չափուիր: Պատմութիւնը իր էջերուն մէջ լուսեղէն տառերով կ՛արձանագրէ այն թուականները, որոնք անկիւնադարձ կը կազմեն, յեղաշրջող զօրութիւն մը կը յայտնաբերեն եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւր կը հանդիսանան:
Երբեմն հերոսի մը առասպելական խոյանքն ու անձնազոհութիւնը, տասնեակ մը կտրիճներու օրհասական մարտնչումը լեռներու լանջին կամ կիրճի մը բերանը` ճակատագրական նշանակութիւն կ՛ունենան ամբողջ ազգի մը կեանքին եւ ապագային համար` մոռցնել տալով ստուարաթիւ բանակներու ռազմական գործողութիւնները:
Խանասորի արշաւանքը, Պանք Օթոմանի գրաւման հետ, մէկ տարուան տարբերութեամբ, մեր նորագոյն պատմութիւնը լեցնող եւ փառազարդող դէպքեր են, բախտորոշ ու վճռական թուականներ, որոնք նոր իմաստ եւ նոր ուղղութիւն տուին մեր յեղափոխական պայքարներուն եւ հայ ժողովուրդի զգացական աշխարհը մէկ անգամէն հոգեփոխեցին:
Վաթսունհինգ տարիներ անցած են Խանասորի արշաւանքէն ի վեր, բայց խանդավառութեամբ եւ երկիւղածութեամբ կ՛ոգեկոչենք տակաւին յիշատակը անոնց, որոնք այդ հրաշքը իրագործեցին մեր կեանքի ամէնէն մռայլ եւ յուսահատական օրերուն եւ մեր քաջարի պապերուն արիաշունչ աւանդութիւնները վերապրեցուցին Հայաստանի արիւնոտ հողին վրայ: Վաթսունհինգ տարին հսկայ ժամանակամիջոց մըն է` պատմական իրադարձութեանց դատավճիռը տալու եւ զանոնք իրենց իսկական արժէքով կշռելու համար:
Այսօր, երբ տակաւին հին սերունդէն մնացած ալեւոր գլուխներ կը նշմարենք հոս-հոն, հարկադրաբար կը ստիպուինք սանձել մեր զգացումները եւ ժլատութեամբ գործածել գնահատանքի մեր բառերը: Դար մը վերջ, հայ մարդը նման վերապահութիւններէ ձերբազատ կասկած չկայ, թէ աւելի զեղուն արտայայտութեամբ պիտի գայ արժէքաւորել գաղափարաշատ իր նախնիքներու սխրագործութիւնները:
Աշխարհասասան դէպքերու ականատես եղանք երկու մեծ պատերազմներու ընթացքին: Կրեցինք հարուածներ եւ տուինք մենք ալ մեր կարգին այնպիսի հերոսական պատասխաններ, որոնք մեր ժողովուրդը կեանքէն դէպի մահ եւ մահէն դէպի հրաշաքի յարութեան հասցուցին նորէն: Բայց Խանասորը չմոռցուեցաւ եւ պիտի չմոռցուի նաեւ այսուհետեւ: Մեր ազգի տարագիր զաւակները, կտրուած մայր երկրէն, ծագէ ծագ կը շարունակեն երգել երէկուան պէս.-
Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտում…
Պարզունակ, անարուեստ եւ հինցած երգ մը, որ սակայն յուզումի ջերմ ալիքներ կը յարուցանէ հայօրէն ապրող իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ եւ կիսադարեան մեր անցեալին պատկերը կ՛ոգեկոչէ իր մութ ու լոյս երեսներով:
Չի մոռցուիր Խանասորը, որովհետեւ 1897 յուլիս 24-ին, պայծառ ու լուսնկայ գիշեր մը, Արաուլ լերան լանջէն դէպի թշնամի դիրքերը իջնող հայ մարտիկներու զինեալ խումբը հայ ծով տառապանքէն ծնած վրիժառու առաջին բազուկը եղաւ, որ աշխարհին ցոյց տուաւ, թէ «հայն էլ կռուիլ գիտէր հայրենիքի ազատութեան համար»: Սարսեցաւ սիրտը մեր երկրին, սարսռացին ոսկորները մեր նահատակներուն, ցնցուեցաւ գազանաբարոյ մեր թշնամին:
«Մի ժամուայ մէջ մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ…»:
Այս վայրագ ցեղը, որ դաւադրաբար պաշարելով Պետոյի եւ Աւետիսեանի խումբը` Գարահիսար լերան լանջին եւ Առաքելոց վանքին շրջակայքը կոտորած էր արեան անյագուրդ մոլուցքով, ինքզինք ամենատէր եւ միշտ անպատիժ կարծող թշնամին, առաջին անգամ ըլլալով կրեց իր ոճիրներուն արդար պատուհասը` հայուն իսկ ձեռքով ի գործ դրուած:
Խանասորի արշաւանքէն ետք հիմնական բան մը փոխուեցաւ ոչ միայն քիւրտին եւ թուրքին, այլ մանաւանդ հայ զանգուածներու հոգիին մէջ: Մեր պատմութիւնը թեւակոխեց նոր փուլէ մը ներս: Ստեղծուեցաւ հերոսականի պաշտամունք եւ հերոսներու փաղանգ: Դարաւոր ստրկութեան թմբիրէն արթնցաւ մեր արի արանց նախնիքներու ոգին: Մեր սեփական ուժին, հարուածելու եւ պաշտպանուելու իր կարելիութեանց մասին հայը հաւատք ունեցաւ:
Հրաշքի համազօր գործ մըն էր ասիկա: Եւ հրաշքը լուսաւորեց մեր իրականութեան անթափանց խաւարը: Խանասորը գծեց այն ճամբան, ուրկէ պիտի գային ու մեր լեռները պիտի թնդացնէին հայ յեղափոխութեան աննման ֆետայիները, ուրկէ անցնող ռայան մարդ պիտի դառնար` մաքուր, անձնազոհ, պատուախնդիր եւ հերոս հայ մարդը:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print



