Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Sat Jul 28, 5:30 am
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր գտածին վրայ կեդրոնացէք: Նորութիւններու փնտռտուքը ձեռնտու չէ, այլ պարզապէս` ժամանակի վատնում: Կարեւորը աշխատանքն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աչքէ անցուցէք վերջին ամիսներու ձեր կատարած իրագործումները եւ մոռցուած պարտականութիւնները: Ջանացէք աւելի արդիւնաւէտ գործ ունենալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բաւ համարեցէք ձեր աշխատանքը եւ ժամանակ տրամադրեցէք զբօսանքի, հանգիստի: Որոշեցէք քանի մը շաբաթ հեռանալ ձեր գտնուած վայրէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաջողութիւններ ունեցած էք վերջերս, եւ ասիկա ոգեւորած է ձեզ: Ապագայի նկատմամբ յուսատու ձեռքբերումներ են, որոնց բարիքը պիտի տեսնէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յուսախաբ եղած էք անձէ մը, որուն մասին մեծ համարում ունէիք: Այսպիսի պատահարներու կը հանդիպին շատեր, հետեւաբար պարզի առէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
«Ժամանակը ոսկի է» խօսքը զուր չէ ըսուած: Այսօր պիտի գիտնաք արժէքը ժամանակ հասկացողութեան եւ պիտի օգտուիք ձեր եռանդուն վերաբերումէն: Անշուշտ պիտի ուրախանաք արդիւնքէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի կարծէք, որ ձեր կատարած նիւթական ներդրումը յումպէտս պիտի վատնուի, այլ ընդհակառակը, ան նոր շահեր պիտի ապահովէ ձեր պիւտճէին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր որդեգրած սկզբունքը տրամաբանական է, այսուհանդերձ, կը կարօտի բարելաւումի: Հետամուտ եղէք օրուան նորութիւններուն եւ ըստ այնմ իրագործեցէք ձեր ծրագիրը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ կարծէք, որ ձեր գիտցածն է միայն ճշմարիտը: Ասիկա յամառութիւն կը նկատուի, որ անօգուտ եւ անհաճոյ վերաբերում է: Ճկուն եղէք, կը շահիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վերջապէս զգացած էք, թէ սխալին անդրադառնալը իմաստութիւն է. նոյնպէս` անցեալի անպատեհութիւնները մոռնալը: Նոր մարդ եղէք ձեր կամքով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուժ տուէք արուեստի վերաբերեալ ձեր շնորհներուն ծաղկումին: Կրնաք նաեւ ուսուցանողի դեր ստանձնել ձեր շուրջը գտնուող պատանիներուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ո՛ւր որ ալ գտնուիք, ո՛ր աշխարհի մէջ ալ ըլլաք, կը փափաքիք վերադառնալ ձեր տունը: Այսօր այսպիսի զգացումներով պիտի տարուիք կարօտին ստեղծած զգացողութեամբ:
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print



