ԵՄԷՆԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺԵԼՈՎ ՍԱԼԵՀԻ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԺԱՄԿԷՏ ԿԸ ՃՇԴԷ
By adminx - Fri Apr 15, 6:33 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Եմէնեան ընդդիմութիւնը երէկ մերժեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ծոցի արաբական երկիրներուն միջնորդութեամբ երկխօսութեան առաջարկը եւ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հեռացման համար երկու շաբթուան ժամկէտ մը ճշդեց:
Ծոցի արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Եմէնի մէջ իշխանութեան փոխանցման շուրջ Ռիատի մէջ միջնորդուած երկխօսութեան հրաւէր մը ուղղած էին, սակայն ընդդիմութիւնը այդ առաջարկին շուրջ վերջնական կեցուածք մը չէր յայտնած, այլ` ծրագիրին շուրջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պահանջած:
Ընդդիմադիր ականաւոր ղեկավար Մոհամետ Մութաուաքիլի յայտնեց, որ «վերանորոգեցինք երկու շաբթուան ընթացքին Սալեհի հեռացման հոլովոյթը արագացնելու անհրաժեշտութեան վրայ շեշտը: Ուստի Ռիատ պիտի չերթանք»:
Կարգ մը ընդդիմադիր ղեկավարներ ակնարկած էին, որ բանակցութիւնները շաբաթ օր կրնան սկսիլ, սակայն Մութաուաքիլի յայտնեց, որ Ծոցի արաբական երկիրներու դեսպաններուն կողմէ նախաձեռնութեան վերաբերեալ ներկայացուցած յաւելեալ յստակացումները անյարմար էին: «Դեսպաններուն ներկայացուցած յստակացումներուն մէջ չգտանք բան մը, որ կը համապատասխանէ անմիջական հեռացման մեր պահանջներուն: Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի դեսպաններուն կողմէ որեւէ նոր բան չներկայացուեցաւ», ընդգծեց Մութաուաքիլի:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print




