Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յաջողութիւն Մաղթեց 2012-Ի Լոնտոնի Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցող Հայ Մարզիկներուն
By adminx - Fri Jul 27, 6:17 am
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print
Մէջբերելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի լրատուութեան բաժանմունքին կողմէ հրապարակուած լուրը` Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը երէկուան իր թիւով տուաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը` ուղղուած 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկներուն:
Ստորեւ` նախագահին ուղերձը.
«Սիրելի՛ մարզիկներ եւ մարզիչներ,
«Անգամ մը եւս Հայաստան, իր պատուիրակութեամբ կը մասնակցի միջազգային գլխաւոր մարզահանդէսին` ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
«Համոզուած եմ, որ պատիւով կը ներկայացնէք մեր երկիրը, մրցասպարէզներուն վրայ կը կատարէք բացառիկ ելոյթներ, ամբողջութեամբ եւ լիովին կը դրսեւորէք ձեր վարպետութիւնն ու հմտութիւնները եւ կը պաշտպանէք Հայաստանի մարզական դրօշին պատիւը:
«Բնականաբար, կը գիտակցիք, որ ձեր մրցելոյթներուն ուշադրութեամբ պիտի հետեւին Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցները: Կը հաւատամ, որ կ՛արդարացնէք ակնկալիքները, նոր նուաճումներով կը հարստացնէք ողիմպիական խաղերու հայաստանցի ախոյեաններուն եւ մրցանակակիրներուն շարքը եւ ձեր արժանի տեղը կը գտնէք հայրենական մարզաշխարհի պատմագիրքին մէջ:
«Անձամբ պիտի հետեւիմ Լոնտոն-2012-ի խաղերուն` դառնալով հայ մարզիկներուն ջերմեռանդ համակիրներէն մէկը:
Աւելի՛ն, կը ցանկամ ըլլալ ձեր յաղթանակներուն ականատեսը, որպէսզի միասնաբար ապրինք յաջողութիւններուն բերկրանքը:
«Զինուինք համբերութեամբ` յաղթանակներու ակնկալիքով:
«Ձեզի կը մաղթեմ բարի ճանապարհ եւ յաղթական վերադարձ»:
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print



