Wednesday May 22, 2013

Լոնտոն-2012. Վրաստան Մեծագոյն Պարգեւը Սահմանեց Աշխարհի Մէջ` Ողիմպիականի Ոսկիին Համար

By adminx - Fri Jul 27, 6:12 am

Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերուն ձեռք բերուած իւրաքանչիւր ոսկի մետալի համար Վրաստան պատրաստ է իր մարզիկին պարգեւատրելու 1,2 միլիոն ամերիկեան տոլար գումարով մը, կը յայտնէ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը:

Ասիկա աշխարհի մէջ ողիմպիականի ոսկիին համար տրուած մեծագոյն նիւթական պարգեւի խոստումն է:

Արծաթէ մետալները պիտի ստանայ 30 հազար, իսկ պրոնզին տիրացողը` 20 հազար ամերիկեան տոլար պարգեւ:

Վրաստանի ետին 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ազրպէյճան, որ ոսկի մետալի համար կը խոստանայ 510 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ արծաթի եւ պրոնզի համար` յաջորդաբար 225 եւ 128 հազար տոլար:

Վրաստանէն եւ Ազրպէյճանէն բացի, մնացեալ բոլոր երկիրներուն մէջ ոսկի մետալի արժէքը չի գերազանցեր 250 հազար տոլարը: Այսքան գումար կը խոստանայ միայն Ղազախստան:

Armsport.am կ՛եզրափակէ ըսելով, որ այլ կարեւորագոյն երկիրներ կը խոստանան հետեւեալ պարգեւները` ոսկի մետալին համար. Միացեալ Նահանգներ` 25 հազար, Ռուսիա` 125 հազար, Իտալիա` 172 հազար, Ուքրանիա` 100 հազար, Պիելոռուսիա` 150 հազար եւ Գերմանիա` 18 հազար:

Leave a Reply

Advertisement