Sunday May 19, 2013

Համպուրկ Փոխհատուցում Կը Պահանջէ Պարսելոնայէն

By adminx - Fri Jul 27, 6:11 am

Գերմանական Համպուրկ ակումբին հիմնադրութեան 125-ամեակին նուիրուած Համպուրկ-Պարսելոնա ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն ետք, հիւրընկալ կազմը եւ անոր գերմանացի համակիրները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են սպանական կազմին դաշտ ներկայացուցած կազմին համար:

Ըստ համաձայնութեան, նախապէս պատկերասփիւռի կայաններէն ծանուցում կը կատարուէր, որ Պարսա պիտի մրցի իր զօրաւոր կազմով եւ նոյնիսկ Լիոնել Մեսսի դաշտ պիտի ներկայանայ:

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ այժմ Համպուրկ փոխհատուցում կը պահանջէ Պարսելոնայէն:

Ըստ անոնց միջեւ կնքուած համաձայնագիրին, Պարսելոնա պիտի ստանար 1,2 միլիոն եւրօ, այն պայմանով սակայն, որ Մեսսի դաշտ ներկայանար: Սակայն ան փորձերու ընթացքին վիրաւորուելով մրցումին չմասնակցեցաւ:

Ասկէ մեկնելով` գերմանացիները որոշեցին Պարսելոնայէն ետ պահանջել 400 հազար եւրօ, մինչ ակումբին համակիրները կը պահանջեն իրենց վճարած տոմսակներուն արժէքին վերադարձը:

Այնպէս կը թուի, որ այս մէկը տեղի ունենալու պարագային գերմանացիները շահ պիտի ապահովեն, որովհետեւ այս մրցումին ուղղակի պատկերասփռման համար անոնք պիտի գանձէին 900 հազար եւրօ:

 

Leave a Reply

Advertisement