Երեւանի Քաղաքապետը Կ՛Ընդունի Մարսէյի Փոխքաղաքապետը
By adminx - Fri Jul 27, 8:00 am
- 0 Comments
- 45 views
- Tweet
Email
Print
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան երէկ հանդիպում ունեցաւ աշխատանքային այցելութեամբ իր կնոջ հետ Երեւան գտնուող Մարսէյի հայազգի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանի հետ:
Ողջունելով հիւրը` Մարգարեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց յունիսին Մարսէյ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը պատշաճօրէն կազմակերպելու եւ ջերմ ընդունելութեան համար` յոյս յայտնելով, որ համագործակցութեան ընդլայնման բոլոր այն համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Մարսէյի քաղաքային իշխանութիւններուն հետ, կեանքի կոչուին առաւելագոյնը կարճ ժամկէտներու ընթացքին:
«Կը կարծեմ, որ ձեր այս այցելութեան ընթացքին կը համոզուիք, որ մեր համագործակցութեան ընդլայնման առումով ներկայիս Երեւանի մէջ բաւական լայն դաշտ կայ, ինչ որ կը փոխանցենք նաեւ Մարսէյի մեր գործընկերներուն: Ես իսկապէս բարձր կը գնահատեմ մեր երկու քաղաքներու 20-ամեայ համագործակցութիւնն ու բարեկամութիւնը եւ վստահ եմ, որ յառաջիկայ տարիներուն ատիկա աւելի պիտի զարգանայ եւ խորանայ», նշեց Տարօն Մարգարեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար եւ քաղաքապետ Մարգարեանին փոխանցելով Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի ջերմ ողջոյնները` Տիտիէ Փարաքեան իր կարգին նկատել տուաւ, որ այս անգամ իսկապէս բաւական կերպարանափոխուած տեսած է Երեւանը եւ հաճելիօրէն զարմացած է կարճ ժամանակի ընթացքին այսպիսի փոփոխութիւններու առատութենէն: Փոխքաղաքապետը խոստովանեցաւ, որ յատկապէս հիացած է մայրաքաղաքի կանաչապատման, ծաղկապատման եւ գիշերային Երեւանի արտաքին գեղարուեստական լուսաւորութեան ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներով:
«Շրջելով գիշերային Երեւանի մէջ, վերյիշեցի ձեզի հետ Մարսէյի մէջ ունեցած մեր գիշերային շրջանային այցելութիւնը, որուն ընթացքին դուք նշեցիք, որ Երեւանի մէջ եւս որոշակի աշխատանքներ տարուած են մայրաքաղաքի շէնքերու եւ շինութիւններու լուսաւորման ուղղութեամբ, բայց համեստօրէն լռեցիք` չըսելով, որ երեւանեան լուսաւորութիւնը իրականութեամբ մէջ կը գերազանցէ մարսէյեան լուսաւորութեան: Ես իսկապէս հիացած եմ ու կը կարծեմ, որ այս մասով եւս մենք փորձառութեան փոխանակման ու համագործակցութեան ընդլայնման մեծ դաշտ ունինք», նշեց Տիտիէ Փարաքեան եւ ընդգծեց, որ Մարսէյի մէջ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւնները ժամանակի ընթացքին կեանքի կը կոչուին:
Միաժամանակ Մարսէյի փոխքաղաքապետը տեղեկացուց, որ արդէն ծրագրուած է Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի պաշտօնական այցելութիւնը Երեւան, որ տեղի պիտի ունենայ 2013 թուականին:
- 0 Comments
- 45 views
- Tweet
Email
Print




