Sunday May 19, 2013

Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեանին Վերաբերող Հարցեր

By adminx - Fri Jul 27, 7:58 am

Նախագահ Սլէյման` Միջազգային դատական ատեանի պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Նորմըն Ֆերրըլը, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքին վերաբերող հարցերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նախկին նախարար Ատնան Քասսար, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու եւ ամրապնդելու հեռանկարները:

Տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերու քննարկման շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որ նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց մշակուած նոր ծրագիրներ, որոնք կը միտին երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը բարելաւել: Նախագահ Սլէյման ստանձնեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուտանի, Սպանիոյ եւ Վիեթնամի նոր նշանակուած դեսպաններուն լիազօրագիրները` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի:

Leave a Reply

Advertisement