«Լիբանան Անշեղ Կը Մնայ Սուրիոյ Միասնականութիւնը Պաշտպանելու Իր Կեցուածքէն» Կը Հաստատէ Նաուաֆ Սալամ
By adminx - Fri Jul 27, 7:57 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Միջին Արեւելքի կացութեան քննարկման նուիրուած Ապահովութեան խորհուրդի նախանցեալ գիշերուան նիստին ընթացքին, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ դրուատեց այդ բանաձեւը գործադրելու առումով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ջանքերը:
Սալամ ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ Սուրիոյ միասնականութիւնը եւ գերիշխանութիւնն ու սուրիացի ժողովուրդին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իր կեցուածքէն եւ սկզբունքէն:
Իր կարգին, Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական որոշ կողմեր եւ ոչ թէ լիբանանեան պետութիւնը, Լիբանանի մէջ կը ֆինանսաւորեն ու կը զինեն ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ զանոնք կ՛ուղարկեն Սուրիա` յաւելեալ արիւնահեղութեան նպատակով:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print




