Saturday May 18, 2013

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Հրաւէրով Ցոյց` Դէպի Մար Մըխայէլ

By adminx - Fri Jul 27, 7:55 am

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ցոյց- քայլարշաւ մը Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակէն մինչեւ Մար Մըխայէլ` բողոքելու համար լիբանանցիներուն պատկանող հաստատութեան մը բռնագրաւումին դէմ:

Մեծ թիւով քաղաքացիներ եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդներ ուղղուեցան դէպի Մար Մըխայէլ եւ բողոքեցին Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն կողմէ այդ հաստատութիւնը բռնագրաւելու իրականութեան դէմ:

Ելեկտրականութեան ընկերութեան շրջակայքին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան, իսկ ընկերութեան մէջ սարակները շարունակեցին իրենց յայտարարած բաց նստացոյցը:

Միւս կողմէ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն խորհուրդը գումարեց արտակարգ նիստ մը, որմէ բխեցաւ հետեւեալ կէտերը բովանդակող հաղորդագրութիւնը.

1) Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն, վարչական հարցերու բաժանմունքէն եւ օրինական ու դատական հարցերու բաժանմունքէն պահանջել, որ դատական հարց յարուցուի ընկերութեան ելեւմտական բաժանմունքի տնօրէնին դէմ յարձակում գործող անհատներուն դէմ:

2) Ելեկտրական հոսանքի ծառայութեան համար պատրաստուած ստացագիրները պիտի ստանձնուին յառաջիկայ երկուշաբթի օր, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, որպէսզի վերջ տրուի քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած այդ բեռին բարդացման: Այս կէտին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ այդ ստացագիրները պիտի ստանձնուին ապահովական ուժերուն եւ տեղեկատու միջոցներուն ներկայութեան:

3) Ելեկտրական հոսանքին վերաբերող նորոգութիւնները ստանձնող խումբերուն կոչ ուղղուեցաւ ներկայանալ ընկերութիւն, յառաջիկայ երկուշաբթի օր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել նորոգութեան բոլոր հարցերը: Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յառաջիկայ երկուշաբթի կէսօրէ ետք պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար հաղորդագրութեան մէջ նշուած երկրորդ եւ երրորդ կէտերուն գործադրութեան մանրամասնութիւնները:

Leave a Reply

Advertisement