Wednesday Jun 19, 2013

Մանսուր. «Հանրապետութեան Նախագահին Ցուցմունքները Կատարելու Յանձնառու Եմ»

By adminx - Fri Jul 27, 7:54 am

Ատնան Մանսուր

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն իրեն հասած շրջաբերականը իսկապէս փոխանցուած է սուրիական իշխանութիւններուն` ընդգծելով, որ ինք հանրապետութեան նախագահին ցուցմունքները գործադրելու առումով յանձնառու է:

Մանսուր շեշտեց, որ հակառակ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ փոխանակուած բողոքի փոխադարձ նամակներուն, կարելի չէ երկու երկիրներուն միջեւ կապերը խզել, որովհետեւ անոնք իրարու կապուած են ապահովական միացեալ համաձայնութիւններով:

Մանսուր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ցուցմունքներուն յանձնառու կը մնայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին վտարումը պահանջելը ամօթ է, որովհետեւ ան դիւանագիտական սահմանները չէ անցած:

 

Leave a Reply

Advertisement