Ղարիպ. «Վարչապետը Մեզմէ Պահանջեց Սրբագրութիւնը Կասեցնել` Պահանջներու Չկատարուելուն Պարագային»
By adminx - Fri Jul 27, 7:53 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի անդամ եւ Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ պետութեան հեղինակութիւնը խոցելի կը դառնայ, երբ ան կը խոստանայ եւ չի կատարեր իր խոստումը:
Ղարիպ ընդգծեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խոստացած է ընդառաջել իրենց պահանջներուն, սակայն ան իր խոստումը չէ յարգած: Ան աւելցուց նաեւ, որ վարչապետն է, որ իրենցմէ պահանջած է քննութիւններուն սրբագրութիւնը կասեցնել, եթէ իրենց պահանջները չկատարուին:
Միւս կողմէ, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ իր կարգին հաստատեց, որ եթէ կառավարութիւնը 10 օրէն իրենց պահանջներուն չընդառաջէ, ապա պիտի դիմագրաւէ սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին որդեգրելիք մեծ քայլերը:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print




