Tuesday Jun 18, 2013

Զօր. Աուն Կը Զգուշացնէ Սուրիական Վարչակարգին Տապալումէն

By adminx - Fri Jul 27, 7:54 am

Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Սուրիոյ վարչակարգին տապալումը կը նշանակէ ժողովրդավարութեան տապալումը, որուն առաջին զոհերը պիտի ըլլան քրիստոնեաները: Ան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ, որ այդ վարչակարգին տապալումը կրնայ պատճառ դառնալ արմատականութեան եւ ծայրայեղութեան հրահրումին:

«Լ՛Օրիան լը ժուր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ Աքքարի մէջ սպաննուած շէյխին մասին տեղեկագիրէն տեղեակ է` աւելցնելով, որ այդ տեղեկագիրին մէջ նշուած է, թէ Քուէյխաթի մէջ սպաննուած շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի ինքնաշարժին մէջ գտնուած են «Տապըլ պլեք» ուիսքի, «Կրէյ Կրաուզ» վոտքա եւ «Քլոզ Սենթ Թոմա» գինի, ինչպէս նաեւ «Քալաշնիքով» տիպի զէնքեր եւ զինամթերք:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք այս տեղեկութիւնները չէր բացայայտեր, եթէ անոնց ստոյգ ըլլալէն վստահ չըլլար: Ան դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է այս տեղեկութիւնները յանձնել լիբանանեան հանրութեան ուշադրութեան, որովհետեւ ժողովուրդը գիտնալու իրաւունք ունի:

Զօր. Աուն աւելցուց, որ ինք այս տեղեկութիւնները ներկայացնելով ինքզինք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Քապպանիի դէմ դրած չ՛ըլլար:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ Դիմադրութեան նկատմամբ իր զօրակցութեան` աւելցնելով, որ քաղաքական առումով ե՛ւ ինք, ե՛ւ Դիմադրութիւնը ունին իրենց առաջնահերթութիւնները: «Մեզի համար առաջնահերթութիւնը փտածութեան դէմ պայքարին մէջ կը կայանայ», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն կտրականապէս հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը վերջ գտած է:

Leave a Reply

Advertisement