Friday May 24, 2013

Ուահապ. «Ո՛վ Որ Կը Կարծէ, Թէ Սուրիոյ Տագնապէն Հեռու Ենք, Կը Սխալի»

By adminx - Fri Jul 27, 7:50 am

Ուիամ Ուահապ

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ երէկ յայտնեց, որ իրեն դէմ մահափորձ գործող անհատը կը գտնուի Պէյրութի մէջ, սակայն ան բանտարկուած չէ, այլ` ապահով եւ իշխանական կեանք կ՛ապրի:

Ուահապ դիտել տուաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ գիտէ այդ գործին վտանգները, «հետեւաբար կը կասկածիմ, որ այդ գործողութեան մեղսակցած ըլլայ: Յանցագործ այդ երիտասարդը կուսակցութեան մը կողմէ առեւանգուած է եւ կը կարծեմ, որ այդ կուսակցութիւնը երկփեղկուած է», ըսաւ Ուահապ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Ուահապ ըսաւ. «Ո՛վ որ կը կարծէ, թէ մենք Սուրիոյ տագնապէն հեռու ենք, չարաչար կը սխալի, որովհետեւ Լիբանանը այդ փոթորիկին սրտին մէջ է»:

Ակնարկելով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան` Ուահապ նշեց, որ այդ ատեանին վստահելիութիւնը համազօր է Հուսամ Հուսամի եւ այլոց նկատմամբ վստահութեան մակարդակին:

Leave a Reply

Advertisement