Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Fri Jul 27, 7:49 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ օր առաւօտեան ժամը 1:00-ին երիտասարդներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբան:
ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ հսկող միջազգային դէտերը սկսած են ժամանել Լիբանան:
«ՌԻԱՏ» օրաթերթ. «Լիբանանցի մը եւ սէուտցի մը ձերբակալուած են սէուտցի աղջնակ մը մկրտելու եւ զայն Լիբանան փախցնելու յանցանքով»:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը մերժէ իր վրայ բանեցուող ճնշումներուն ենթարկուիլ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ փոխանակուած բողոքի նամակները կրնան քաղաքական առումով լուծուիլ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքէն շատ աւելի առաջնահերթ թղթածրարներ կան, որոնք պէտք է քննարկուին: Նիքոլա յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը այլընտրանք չունի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան վերջին նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին կողմէ ներկայացուած էր Ազգային պաշտպանութեան լաւ ռազմավարութիւն մը, որ բոլորին կը գոհացնէր: Սակայն երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «պայթեցուցին» այդ ռազմավարութիւնը` իրենց կեցուածքներով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ վարչակազմը իր մօտիկ բարեկամներուն յայտնած է, որ պէտք է իրենց ընտանիքները ժամանակաւոր կերպով Լիբանան փոխադրեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին ներկայացուցած բողոքը տեղին է` մաղթելով, որ Սուրիոյ կացութիւնը խաղաղի եւ հանդարտութիւն տիրէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ նշեցին, որ իրենց համար անհասկնալի է իրենց դէմ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին մղած պայքարը:
«ՔՐԻՍՉԸՆ Սայընս Մոնիթըր» թերթը կը գրէ, թէ շրջանին մէջ փչող փոփոխութեան հովերը ի վերջոյ թիրախ պիտի դարձնեն նաեւ Հըզպալլան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իրենք հարցեր չունին` աւելցնելով, որ նախանցեալ օր Պըրրիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումը բաւական սովորական ընթացած է:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ ուսուցիչներուն համար առաջնահերթութիւն է տապալել կառավարութիւնը:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ներկայիս բժշկական խնամքէ բացի ոչինչ կը տրամադրէ սուրիացի գաղթականներուն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆար Նասեր յայտնեց, որ իրենք կը փորձեն լիբանանեան ներքին իրականութիւնը հեռացնել Սուրիոյ իրադարձութիւններէն:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու հարցին շուրջ ընթացքի մէջ եղող հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները կ՛ուղղուին դէպի լուծում:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Հերնանտօ շեշտեց, որ Սպանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանին օժանդակութիւն մատուցելու իր յանձնառութեան` աւելցնելով, որ Սպանիոյ կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մասնակցող սպանական զօրամասի թիւին նուազեցումը սերտուած կերպով եղած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հարցը միայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կրնայ լուծել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը վտանգներուն դիմաց ամուր պահել` ներքին լիբանանեան համախոհութիւն գոյացնելով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ պէտք է ապահովել Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին հետեւողականութիւնը, որովհետեւ անիկա երկրին հարցերուն լուծման միակ ձեւն է:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



