Քլինթըն Սուրիական Ընդդիմութեան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Յետասատեան Ժամանակաշրջանին Պատրաստուելու Համար Փոխանցման Կառավարութիւն Մը Կազմելու
By adminx - Fri Jul 27, 7:46 am
- 0 Comments
- 84 views
- Tweet
Email
Print
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի, անդրադառնալով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Սուրիոյ դեսպան Ապտել Լաթիֆ Տապաղի եւ անոր կնկան` Կիպրոսի մէջ Սուրիոյ դեսպան Լամիա Հարիրիի սուրիական վարչակարգէն անջատման լուրին, յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի օրերը հաշուըւած են»:
Ան ըսաւ, որ «հարցը կը վերաբերի նոր ցուցանիշերու, որոնք ըստ մեզի ցոյց կու տան, որ Ասատի մօտիկ շրջանակէն մեծ պաշտօնատարներ կառավարութենէն կ՛անջատուին իր ժողովուրդին դէմ Ասատի կատարած արարքներուն պատճառով»:
Սակայն Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ապտել Լաթիֆ Տապաղ յունիսէն ի վեր գործին գլուխը չէ եւ նախարարութեան պահանջին հիմամբ Դամասկոսի կողմէ քննարկումի առարկայ էր: Ինչ կը վերաբերի անոր կնկան, նախարարութիւնը կը նշէ, որ ան նախապէս չէ կրած եւ ներկայիս ալ չի կրեր Սուրիոյ դեսպանի տիտղոսը, այլ` պարզապէս, մինչեւ նոր դեսպանի մը նշանակումը, դեսպանատան վարչական հարցերը առժամաբար կատարող դիւանագէտ մըն է: Իսկ Օմանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան ապահովական կցորդ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆաքիր դիւանագիտական կամ ապահովական որեւէ կարգավիճակ չունի, այլ` պարզապէս նախարարութեան մէջ վարչական պաշտօն ունի եւ Օմանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան մէջ կ՛աշխատի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը լայն տարածքներ իր վերահսկողութեան կ՛ենթարկէ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել ստեղծելու ապահովական գօտի մը, որ ընդդիմադիրներու համախմբման եւ գործողութեանց կեդրոն մը պիտի ըլլայ:
Քլինթըն սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց յետասատեան ժամանակաշրջանին պատրաստուելու համար փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու` նշելով, որ «Ասատի առջեւ տակաւին փոփոխութիւն իրագործելու առիթ կայ»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ անոր շրջապատը Սուրիայէն հեռանալու վրայ են, եւ նոր ժամանակաշրջանի պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են»:
Հալէպ նահանգի ըմբոստներու զինուորական խորհուրդի հրամանատար Ապտել Ժապպար Օքէյտի լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Հալէպի բնակելի թաղամասերու հրետանիով եւ հրասանդով ռմբակոծումը կը շարունակուի»` նշելով, որ «մենք ընդդիմութեան հետ կապ չունինք, որովհետեւ գետնի վրայ մենք կը կռուինք»:
Օքէյտի վստահեցուց, որ «մենք` զինուորականներս, կը պատրաստուինք Հալէպը ամբողջութեամբ ազատագրելու, եւ քանի մը օրէն լաւ լուրեր պիտի ըլլան»` նշելով, որ «անշուշտ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին եւ մեր միջեւ համակարգում գոյութիւն ունի»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է Հալէպի մէջ ջարդ մը կանխարգիլելու համար շարժի: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Սրեպրենիչայի մէջ յայտարարեց, որ ՄԱԿ ձախողեցաւ Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններ պաշտպանել:
Մինչ այդ, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Տէր Զորի մէջ սուրիական կանոնաւոր բանակին հետ բախումներու ընթացքին սպաննուած են Քայիտայի մէջ սէուտցի ղեկավար Իպրահիմ Ղազի Համիտին եւ անոր մարտական խումբին բոլոր անդամները: «Մայատին» նաեւ հաղորդեց, որ սուրիական իշխանութիւնները ձերբակալած են 14 եգիպտացի քաղաքացիներ, որոնք Յորդանանի ճամբով Սուրիա ներթափանցել կը փորձէին:
Ռուսական «Քոմսոմոլեսքայա Փրաւտա» օրաթերթը հաղորդեց, որ քաթարական, սէուտական եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները աշխատանք կը տանին Սուրիոյ մէջ ճակատումը հրահրելու: Ռուսական «Քրասնայա Զաւիզտա» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը դէպի քաղաքացիական պատերազմ կը մղեն»: Օրաթերթը նշեց, որ Ասատի վարչակարգի տապալումը կրնայ սուրիական քիմիական զէնքերուն Քայիտայի ձեռքը իյնալուն յանգեցնել:
Միւս կողմէ, Ռուսիա յայտարարեց, որ մտադիր է իր ծովուժի ուժերը պահել Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստին մէջ: Ռուսիոյ ծովուժի հրամանատար ծովակալ Վիքթոր Չիրքով յայտնեց, որ Թարթուսի նաւահանգիստը ռուսական նաւատորմիղին Միջերկրականի եւ Ատենի ծոցին մէջ գործող մարտանաւերու մատակարարման երաշխաւորման յատկացուած է: Ան նշեց, որ ռուսական ծովուժէն շարք մը մարտանաւեր ներկայիս Միջերկրական ծովուն մէջ են, սակայն ներկայ հանգրուանին Թար
- 0 Comments
- 84 views
- Tweet
Email
Print




