Պարաք. «Արաբական Գարուն»-ը Հետզհետէ Զարգացաւ Եւ Իսլամական Ամառի Վերածուեցաւ»
By adminx - Fri Jul 27, 7:44 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք մեծ տէրութիւններուն կոչ ուղղեց Իրանի հիւլէական ծրագիրը տապալելու ձգտող ջանքերը արագացնելու` զգուշացնելով, որ եթէ Թեհրան յաջողի հիւլէական սահմանը հատել, անոր դէմ դնելը աւելի դժուար պիտի դառնայ:
Պարաք յայտնեց, որ Իսրայէլ ներկայիս «երբեւիցէ ամէնէն բարդ մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէ»` նշելով, որ իր երկիրը կրնայ «ստիպուիլ Իսրայէլի ապահովութեան վերաբերեալ ճակատագրական որոշումներ որդեգրելու»` մատնանշելով «դրացի արաբական երկիրներու մէջ ժողովրդային յեղափոխութիւններուն պատճառով անկայունութեան աճը»:
«Հետզհետէ զարգանալով իսլամական ամառի վերածուած «Արաբական գարնան» դէպքերը ցոյց կու տան, որ վճռական պահուն, անկեղծութեան պահուն կրնանք միայն մենք մեզի վստահիլ», ըսաւ ան:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print



