Լիզպոնի Հինգի Յիշատակի Ձեռնարկ. Վերանորոգում` Հայութեան Պահանջատիրական Երթը Շարունակելու 29-ամեայ Ուխտին
By adminx - Fri Jul 27, 7:24 am
- 0 Comments
- 402 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` հինգշաբթի, 26 յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց նահատակութեան 29-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը:
Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները Լիզպոնի տղոց շիրիմին վրայ զետեղեցին ծաղիկներ եւ վառեցին մոմեր` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու համար նահատակ հինգ հերոսներուն յիշատակին: Ապա, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անոնց անմահ հոգիներուն համար:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սեւակ Արոյեան, որ յատուկ կերպով շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հերոսական դրուագներուն վրայ` սկսելով 1918-ի հերոսամարտերէն, հասնելով Հայ դատի էջերը վերաբացող ուժական պայքարի ժամանակաշրջանը, որ վերականգնեց հայուն փառքն ու պատիւը:
Ան անդրադառնալով այսօրուան պայմաններուն նշեց, որ հայութեան նպատակը կը մնայ միշտ նոյնը` մինչեւ արդարութիւն եւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազի իրականացում:
Ս. Արոյեան նաեւ յայտնեց, որ Լիզպոնի անունը միշտ լուսաշող պիտի մնայ իւրաքանչիւր հայու մտքին մէջ եւ հինգ երիտասարդներուն դէմքերը միշտ պիտի մնան բոլորին սրտին մէջ, իսկ հայութեան եւ Հայ դատին նուիրուած անոնց կեանքը միշտ կը մնայ օրինակ` ԼԵՄ-ի շարքերը հայակերտման դպրոց ու հզօր ամրոց նկատող սերունդներուն:
Արոյեան դիտել տուաւ, որ ինչպէս ներկայիս, նոյնպէս Լիզպոնի գործողութեան տարիներուն կային անտարբեր երիտասարդութեան հատուած մը, օտարացած հայեր եւ թուրքը, որ իր բոլոր կարելիութիւններով կը մղէր հակահայ պայքար, սակայն հակահայ պայքարին դէմ ուղղուած ծառացումին յուշարարը կը մնայ Լիզպոնի տղոց այդ շիրիմը, ուրկէ դուրս կը ցայտեն պայքարի բոցերը եւ կը շողայ յեղափոխութեան լոյսը: Ս. Արոյեան հաստատեց, որ միայն խունկով, մոմով եւ ծաղիկով չէ, որ անոնց յիշատակը վառ եւ մշտադալար կը մնայ: Հայ երիտասարդները կոչուած են դէմ դնելու ամէն ինչի, որ թրքական է: Ան կոչ ուղղեց հայ երիտասարդներուն, որ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ դէմ դնեն թշնամիին եւ այդպէ՛ս յարգեն ու անմոռաց պահեն Լիզպոնի տղոց յիշատակը:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ այս քաջերը չնահատակուեցան յիշուելու համար, այլ նահատակուեցան յիշեցնելու մեզի, որ հայը տակաւին իր ամբողջական իրաւունքներուն տէրը չէ: Անոնք չնահատակուեցան հերոս դառնալու, այլ նահատակուեցան հերոսացնելու հայ ժողովուրդը, ըսաւ ան:
Այնուհետեւ Ս. Արոյեան ուղղուելով դէպի Լիզպոնի հինգ հերոսներուն շիրիմը ըսաւ.
«Սիրելի՛ հինգ սուրբ անմահներ. հայը տակաւին ճամբայ ունի կտրելիք` հասնելու համար Մասիսին, որուն պատկերը միայն դուք տեսաք, որուն սէգ գագաթը հանգիստ գրկելու միակ ելքը ձեր նահատակութեան մէջ գտաք: Դէպի Մասիս, որուն սիրոյն ձեզի նման շատեր զոհուեցան, իսկ 29 տարի առաջ դուք ալ միացաք անոր համար պայքարած եւ անմահացած հերոսներու փաղանգին»:
Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մետիա»-ի պատրաստութեամբ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցան Լիզպոնի գործողութիւնը ժամը ժամուն, սփիւռքի ու միջազգային անդրադարձները եւ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն պատգամը` անոնց իսկ խօսքերով:
Օրուան բանախօսն էր Խաչիկ Պարսումեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնի հինգ տղոց պատգամը ուղղուած էր այդ օրերու երիտասարդներուն եւ յաջորդող սերունդներուն:
Ան հաստատեց, որ Լիզպոնի հինգ հերոսները խօսեցան Արեւմտեան Հայաստանի մասին` իրենց աքթը կապելով անոր պահանջատիրութեան եւ զայն ազատագրուած տեսնելու խորհուրդին: Անոնք իրենց ցուցական աննախընթաց աքթով անակնկալի բերին աշխարհը եւ խօսիլ տուին հայկական բռնագրաւուած հողերուն մասին:
Խ. Պարսումեան յայտնեց, որ Լիզպոնի տղոց նպատակն էր Հայ դատի պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ հաստատ քայլերով յառաջանալ եւ համեստօրէն ծառայել իրենց երազին: Չտեսնելով հանդերձ Արեւմտահայաստանը, անոնք նահատակուեցան այդ նպատակին համար, որպէսզի յաջորդ սերունդները տեսնեն զայն եւ ապրին այնտեղ` երբեմնի երազանքը իրականութիւն դարձնելով:
Պարսումեան շեշտեց, որ այսօր մենք պարտաւորուած ենք զգալու Լիզպոնի հինգին նահատակութեան ու երազին քաղցրութիւնը եւ ունենալու նոյն երազի ճամբան` հաստատելով, որ այսօր մենք պէտք է գծենք այն նոյն քարտէսը, զոր փորձեցին գծել մեր նախնիները իրենց արեամբ, սակայն ժամանակաշրջանի նոր թաւալքով:
Պարսումեան դիտել տուաւ, որ պէտք է նաեւ խոհեմութեամբ բացուինք օտար ազգերուն, հաստատ քայլերով կազմենք Հայաստան-Արցախ-սփիւռք անքակտելի շղթան եւ չվախնանք ձուլումէն:
Խ. Պարսումեան ընդգծեց Լիզպոնի տղոց նման հայրենիքի գերագոյն սէրը ունենալու, նորօրեայ զէնքերով զինուելու եւ հաստատ քայլերով Հայ դատը առաջնորդելու եւ անպայման ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը իրականացած տեսնելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ հայ ֆետայիներն ու ազատամարտիկները, մեր ազգային խիղճը ա՛յդ կը պահանջեն մեզմէ:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» երգին երգեցողութեամբ: Ներկաները Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունէն մեկնեցան իրենց հոգիներուն մէջ վերանորոգելով այն ուխտը, զոր 29 տարիներ առաջ կատարած էին Լիզպոնի հինգ հերոսները` հայրենիքի սէրն ու Հայ դատը ամէն բանէ վեր դասելով եւ ինքնազոհողութեան բարձրագոյն մակարդակին հասնելով:
- 0 Comments
- 402 views
- Tweet
Email
Print






