Հաղորդագրութիւն
By adminx - Fri Jul 27, 7:22 am
- 0 Comments
- 123 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` հինգշաբթի, 26 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Վանայ ձայն» իր «Առաւօտեան յայտագիր»-ին ընդմէջէն հեռաձայնային կարճ հարցազրոյց մը ունեցաւ Արցախ գտնուող ԶՈՄ-ականներուն հետ: Գործուղուածներուն անունով խօսեցաւ Շաղիկ Չափարեան` հաղորդելով, որ արդէն իսկ 1 շաբաթէ ի վեր Թաթուլ Կրպէեանի անուան դպրոցը կը կիրարկէ «Քաշաթաղը իմ տունն է 2012» ծրագիրը եւ կը գործէ ըստ տարիքային բաժանումներու` 4 խումբի բաժնուած պատանիներու հետ, անոնք են` 5-8 տարեկան փոքրերու «Թաթուլ Կրպէեան» խումբը, երկու 9-12 տարեկան միջակներու «Պետօ» եւ «Անդրանիկ» խումբերը եւ 11-17 տարեկան «Գարեգին Նժդեհ» խումբը: Ան հաստատեց, որ այս դրութիւնը շատ աւելի մատչելի կը դարձնէ ծրագիրին իրագործումը:
Չափարեան ընդգծեց նաեւ, որ թէեւ դպրոցը իր դռները առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00-ը կը բանայ, սակայն ԶՈՄ-ականներուն եւ գիւղացիներուն կապը չի դադրիր հոն, քանի որ հայրենիք-սփիւռք կամրջումը կ՛անցնի այդ ծրագիրէն անդին եւ իսկական հարազատութեամբ ու ջերմութեամբ կը պատէ ընկերներուն հոգիները:
«Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը 8-րդ տարին ըլլալով «Դէպի երկիր» նշանաբանին հաւատալով իր քայլերը կ՛ուղղէ այն երկիրը, ուր կարելի է անկասկած հարստացնել հայրենի աշխարհը իր մշակոյթով, պատմութեամբ եւ մարդուժով:
Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ լսելու համար կրնաք այցելել հետեւեալ հասցէն` http://www.voiceofvan.net/content/hartsazerouts-zom-26072012, իսկ յաջորդող օրերուն նոյն յայտագիրով պիտի լսէք 2 այլ հարցազրոյցներ ԶՈՄ-ականներուն, պատանիներուն եւ շրջանի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:
- 0 Comments
- 123 views
- Tweet
Email
Print



