ԱԶԳ. ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ
By adminx - Fri Apr 15, 6:20 am
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print
Զատկուան տօնական օրերուն նախօրեակին, երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկուան աւանդական տօնավաճառին բացումը` ներկայութեամբ քոլեճին բարեկամներուն եւ հրաւիրեալներուն:
Քոլեճին տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած տօնավաճառը ընդգրկեց Պահքի ճաշեր, ծնողներու ձեռամբ պատրաստուած տեսակաւոր ուտելիքներ, անուշեղէններ, աղցաններ եւ տօնական զարդարանքներ: Այս տարուան նորութիւնը եղաւ բնական եւ արուեստական ծաղիկներու ցուցադրութիւն-վաճառքը, որ գտաւ մեծ ընդունելութիւն:
Տօնավաճառը բաց կը մնայ նաեւ այսօր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00:
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print




