Ակնարկ. Անգարան` Վերջին Իրաւունք Ունեցողը
By adminx - Thu Jul 26, 9:44 am
- 0 Comments
- 244 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիոյ տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւններուն մասին Թուրքիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
Ա.- Անգարա չի կրնար ձեռնածալ մնալ Սուրիոյ կողմէ իր դէմ կատարուած որեւէ յարձակումի պարագային:
Բ.- Իր ժողովուրդը սպաննող արիւնարբու վարչակարգը պիտի տապալի սուրիացի ժողովուրդին կողմէ, ուշ կամ կանուխ: Սուրիացի ժողովուրդը պիտի յաղթանակէ:
Գ.- Միջազգային ընտանիքը իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելով եւ խիստ վարուելով Սուրիոյ վարչակարգին նկատմամբ, պէտք է ստիպէ, որ արիւնահեղութիւնը դադրեցուի Սուրիոյ մէջ:
Դ.- Դամասկոս նկատի չէ ունեցած 2011-էն ի վեր Անգարայի խորհուրդները` բարեփոխումներ կատարելու. այլապէս այս կացութեան մէջ չէր գտնուեր այսօր Սուրիան:
Այս յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով կը նախանշէ, որ Անգարա կը շարունակէ Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքներու թեթեւ յարափոփոխելիութեան վարքագիծը:
Առաջին եւ վերջին կէտերուն մէջ հիմնական ուղերձ չկայ: Հակառակ անոր որ իր օդանաւի կործանումը Դամասկոսի ուսերուն բարդող Անգարան զինուորական ուղղակի հակայարձակողական գործողութեան չդիմեց: Երկու նկատառելի հանգամանք կայ այս պարագային: Առաջինը այն էր, որ բաւական ուշացումով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սուրիական պատասխանատուութիւնը հեռացնող յայտարարութիւն կատարեց` Թուրքիոյ քաղաքական վարիչներու յայտարարածին նկատմամբ հակասութիւն ցուցադրելով. եւ երկրորդ. ապստամբները զինող եւ ֆինանսաւորող Թուրքիան զինուորական յարձակումի անուղղակի ձեւերը լիովին կը կիրառէ արդէն Սուրիոյ տարածքին:
Քաղաքական խառն ուղերձի նրբերանգները երկրորդ եւ երրորդ կէտերուն միջեւ են: Սուրիոյ ժողովուրդին վերագրելով վարչակարգի տապալման պատասխանատուութիւնը, Անգարայի վարիչը յստակ կը ձեւակերպէ պաշտօնական կեցուածք` արտաքին ուժի միջամտութեան դէմ: Այստեղ նաեւ ժամանակի անորոշութիւն կը փոխանցուի: «Ուշ կամ կանուխ»-ը միաժամանակ թէ՛ անմիջականութիւն եւ թէ՛ իրավիճակի առկախում կ՛ենթադրէ: Ժողովուրդին կողմէ տապալումի եղանակը եւս անորոշ է, ինչպէս ժամանակը:
Մինչդեռ, յաջորդ կէտին մէջ կ՛ընդգծուի յստակ ակնկալութիւն` միջազգային ընտանիքի, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անմիջական միջամտութեան… արիւնահեղութիւնը կասեցնելու: Արիւնահեղութիւն կասեցնելը այստեղ երկու հակամարտող կողմերուն կրնայ վերաբերիլ եւ անպայման չ՛ենթադրեր վարչակարգի հեռացումի առաքելութիւն:
Ռուսական եւ ամերիկեան կեցուածքներուն միջեւ տուայտող թրքական այս կեցուածքը աւելի հիմնաւորելու համար ոչ շատ հեռու գացող յետադարձ հայեացքը լուսաբանող հանգամանք կրնայ ունենալ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հազիւ ամիս մը առաջ կը յայտարարէր, որ իր երկիրը ձախողած էր Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու գործին մէջ: Այս հաստատումը կ՛ենթադրէ, որ Անգարան պաշտօնապէս այդ գործին լծուած էր: Հիմա վարչակարգի տապալումի գործը այս ձեւով վստահուած է սուրիացի ժողովուրդին: Արտաքին միամտութեան պահանջը` անբովանդակ յայտարարութիւն է, որովհետեւ արիւնահեղութեան կասեցման առաջադրանքով է եւ ոչ թէ վարչակարգի տապալման:
Արիւնարբու վարչակարգի մասին խօսող, սեփական ժողովուրդի դէմ ջարդ կիրարկելու երեւոյթները դատապարտող եւ արիւնահեղութեան կասեցման համար արտաքին խիստ միջամտութիւն պահանջող վարչապետ Էրտողան կը փորձէ մոռացութեան մատնել այն, որ ինք իրաւական ժառանգորդն է արիւնարբու վարչակարգի մը, որ լծուած էր իր կայսրութեան ցեղային մաքրազտումի ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակն ու պայմանները լիարժէք օգտագործած էր` արտաքին խիստ միջամտութիւնները կանխարգիլելու համար: Նոր օսմանականութեան ներկայացուցիչը մոռցած պէտք չէ ըլլայ նաեւ, որ նոյն այս վարչակարգին հետ արտակարգ մերձեցումի քաղաքականութեան լծուած էր` բանալով այժմ իր փակած սահմանները, կնքելով բոլոր ոլորտներուն վերաբերեալ բազմաթիւ համաձայնագիրներ եւ միեւնոյն «արիւնարբու վարչակարգ»-ին հետ որոշած էր նոր էջ բանալ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններուն մէջ:
Սեփական ժամանակակից պատմութիւնը ժխտելու յարիր վարքագիծի մէջ կը տեղաւորուին վարչապետ Էրտողանին յայտարարութիւնները, որոնք խառն ուղերձներու տարրեր կը պարփակեն իրենց մէջ: Յամենայն դէպս Անգարայի ներկայացուցիչը վերջինը կրնար ըլլալ նման բովանդակութեամբ յայտարարութիւններ կատարելու համար:
«Ա.»
- 0 Comments
- 244 views
- Tweet
Email
Print



