Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ռուսիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը
By adminx - Thu Jul 26, 7:54 am
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարար, ոստիկանութեան զօրավար Վլատիմիր Քոլոքոլցեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը եւ ձեւաւորուած ռազմավարական գործընկերութիւնը ամուր հիմք են բոլոր մարզերուն մէջ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ, որոնց շարքին` իրաւապահ մարմիններուն միջեւ գործակցութիւնը զարգացնելու եւ խորացնելու համար:
Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարը եւ հանդիպման մասնակցող Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան նախագահին ներկայացուցին երկու երկիրներու իրաւապահ մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան արդիւնքները եւ հետագայ ծրագիրները:
Երկուշաբթի օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութեան եւ Հայաստանի ոստիկանութեան միաւորուած անձնակազմի 13-րդ նիստը` Վլատիմիր Գասպարեանի եւ Վլատիմիր Քոլոքոլցեւի նախագահութեամբ:
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print




