Wednesday May 22, 2013

Մամետեարովի Հարաւային Ամերիկա Այցելութենէն Առաջ Հայկական Կառոյցները Կը Զգուշացնեն

By adminx - Thu Jul 26, 7:49 am

Էլմար Մամետեարով

Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի հայկական կառոյցներու պատասխանատուները Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի` Հարաւային Ամերիկա 27 յուլիսին նախատեսուած պաշտօնական այցելութենէն առաջ, մամուլով եւ իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն հետ ուղղակի կապ հաստատելով զգուշացուցած ու յիշեցուցած են, որ Ազրպէյճան ամբողջ աշխարհի մէջ հակահայ եւ ռազմատենչ քաղաքականութիւն կը վարէ:

Հայկական կառոյցներու պատասխանատուները նաեւ ընդգծած են, որ ղարաբաղեան տագնապը պէտք է խաղաղ լուծում ստանայ` ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ, եւ յոյս յայտնած են, որ Ազրպէյճանի հետ գործակցութեան պարագային որոշումներ կայացնելու ընթացքին Հարաւային Ամերիկայի երկիրները պիտի առաջնորդուին այդ սկզբունքով եւ իրենց ներկայացուցած հիմնաւոր փաստարկներով:

Էլմար Մամետեարով պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Քոլոմպիա, Փերու, Արժանթին եւ Ուրուկուէյ: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի այցելութեան հիմնական նպատակը տնտեսական կապերը ընդլայնելու համար նոր շուկաներ փնտռելն է:

 

 

Leave a Reply

Advertisement