Արցախի Շուրջ Տեղեկատուական Մեկուսացումը Կը Ճեղքուի Ռուսիոյ Մէջ
By adminx - Thu Jul 26, 7:48 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
Արդէն երկու տարիէ ի վեր Ռուսիոյ մէջ գործող միակ հայկական պատկերասփիւռի ընկերութիւնը` TV ARM.ru-ն, որ ունի երիտասարդական եւ մշակութային ուղղուածութիւն, պիտի ունենայ նաեւ լրատուական հաղորդում:
Ընկերութեան մօտ 4 միլիոննոց ռուսալեզու լսարանը պիտի յաջողի տեղեկութիւններ ստանալ Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն մասին: Լրատուականը օրական պիտի սփռուի 3 անգամ, պիտի կրկնուի` 10 անգամ:
Յատկանշական է այն, որ օրուան ընթացքին տեսահոլովակներ պիտի սփռուին նաեւ Արցախի հասարակական, քաղաքական կեանքին մասին: Արցախի տեսահոլովակները պիտի սփռուին 1 օգոստոսէն սկսեալ: Կը նախատեսուի նաեւ, որ Արցախի մասին հետագային առանձին լրատուական հաղորդում սփռուի:
Այս քայլը նախաձեռնողները կը նշեն, որ այդպիսով Արցախի մասին տեղեկատուական մեկուսացումը կը ճեղքուի:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print



