Նախագահ Սլէյման. «Պիտի Վերսկսիմ Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Վերաշխուժացնելու Հաղորդակցութիւններուն»
By adminx - Thu Jul 26, 7:45 am
- 0 Comments
- 63 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ սարքեց իֆթար մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ գրեթէ բոլոր համայնքներուն հոգեւոր պետերը եւ դեսպաններ, որոնց շարքին ակներեւ էր Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի ներկայութիւնը:
Միւս կողմէ, իֆթարէն բացակայեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:
Իֆթարին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` վերսկսելու համար Ազգային երկխօսութեան նիստին: Այս նպատակով ես հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի կատարեմ բոլոր ղեկավարներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել երկրին ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի գերագոյն շահերն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը կարեւոր են եւ պէտք է պաշտպանուին:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց Լիբանանի ազգային սկզբունքները յարգելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է յարգել մէկզմէկու համոզումները:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց նաեւ մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը:
Ան նշեց, որ պէտք է պահպանել Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը եւ անկախութիւնը:
Նախագահ Սլէյման յայտարարեց նաեւ, որ Լիբանան ուրախ պիտի ըլլայ յառաջիկայ 14 սեպտեմբերին ընդունելու Պենետիկտոս ԺԶ. պապը:
Պաապտայի Այցելուները
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ ենթակառոյցի եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Անթոնի Ալպանիկզը եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցի մարզին մէջ գործակցելու հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրին, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ 16 սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ. պապի Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
- 0 Comments
- 63 views
- Tweet
Email
Print




