Wednesday Jun 19, 2013

Վարչապետարանին Մէջ Միքաթի Կը Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

By adminx - Thu Jul 26, 7:43 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ  վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Կառավարութիւնը քննարկեց 45 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, ինչպէս նաեւ օրակարգէն դուրս հիմնական երեք թղթածրարներ, որոնք են` ուսուցիչներուն յայտարարած գործադուլը, որուն առումով վարչապետը պահանջեց ուսուցիչներէն` վերջ տալ իրենց շարժումին:

Այս շրջագիծին մէջ, կառավարութիւնը հաստատեց, որ ուսուցիչները իրաւունք ունին իրենց պահանջները ներկայացնելու, սակայն կարելի չէ կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնել եւ 100 հազար աշակերտի ճակատագիրին հետ խաղալ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կարելի չէ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը վտանգի ենթարկել:

Իր կարգին, խօսք առաւ կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ, որ յայտնեց, թէ կարելի չէ ուսուցիչներուն ճակատագիրը ուղղակի կապել պետական մարզի պաշտօնէութեան հետ: Ան նշեց, որ իրենք համաձայն գտնուած են ուսուցիչներուն ներկայացուցած պահանջներուն 80 առ հարիւրը իրագործելու` հարց տալով, որ «երբ նման խոստում մը տուած ենք, ի՞նչը կը մղէ ուսուցիչներուն շարունակելու իրենց գործադուլը: Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը պատասխանատու չէ բոլոր պետական պաշտօնեաներուն, եւ աշակերտները պարտաւոր չեն տուժելու անոնց պատճառով: Այս ձեւով մենք աշակերտներուն, կրթական մարզին եւ կրթութեան նախարարութեան վնաս հասցուցած կ՛ըլլանք», ըսաւ Տիապ:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ երկրորդ հիմնական հարց մը` արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի կողմէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն փոխանցուած բողոքի նամակը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ սուրիական ուժերը ոտնձգութիւններ կը գործեն լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջեց Սուրիայէն կանխարգիլել սահմանային բախումները:

Երրորդ հիմնական հարցն էր 60 տարի զբօսաշրջութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ դրուած, սակայն ելեւմուտքի նախարարութեան պատկանող կառոյցի մը հարցը, որովհետեւ անիկա առանց զբօսաշրջութեան նախարարութեան տեղեկութեան յանձնուած էր ելեւմուտքի նախարարութեան:

Կառավարութեան այս քայլին դէմ բողոքեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ եւ լքեց նիստը:

ՆՇԵՆՔ, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի իր կարգին լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնեց նամակ մը, որ կոչուեցաւ ուշադրութեան յանձնումի նամակ եւ ոչ բողոքի:

Ալի շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի խորհրդակցութիւններուն անհրաժեշտութիւնը: «Անհրաժեշտ է, որ լիբանանեան իշխանութիւններն ու ուժերը նաեւ հակակշիռի տակ պահեն լիբանանեան սահմանները», ըսաւ ան:

 

 

Leave a Reply

Advertisement