Սենտիքայական Աշխատանքը Համակարգող Խորհուրդը Գործադրեց Իր Ցոյց-Քայլարշաւը
By adminx - Thu Jul 26, 7:42 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին հրաւէրին ընդառաջելով` պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու հսկայ թիւ մը մասնակցեցաւ երէկ տեղի ունեցած ցոյց-քայլարշաւին, որ սկսաւ Պարպիրի կամուրջէն եւ հասաւ մինչեւ վարչապետարան, ուր ապահովական ուժերուն կողմէ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ:
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի անդամ եւ Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ իրենց կողմէ որդեգրուող մագլցողական այս քայլերը կանգ պիտի չառնեն, եթէ կառավարութիւնը իրենց պահանջները չգոհացնէ:
Ղարիպ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է յանդգնի վաւերացնել վարչապետին իսկ կողմէ կատարուած այն խոստումը, որ ուսուցիչներուն պահանջներուն 80 առ հարիւրը գործադրելու համաձայն են:
Ղարիպ ընդգծեց, որ անկարելի է վերադառնալ պետական քննութիւնները սրբագրելու աշխատանքին, եթէ կառավարութիւնը չվաւերացնէ ուսուցիչներու աշխատավարձերուն յաւելումները:
Իր կարգին, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ իր կարգին հաստատեց, որ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը կառավարութեան տասը օրուան պայմանաժամ պիտի տայ` կատարելու իր խոստումը եւ վաւերացնելու ուսուցիչներուն աշխատավարձերուն յաւելումները, այլապէս անոնք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




