Պըրրի Կը Շեշտէ Ազգային Երկխօսութեան Կարեւորութիւնը
By adminx - Thu Jul 26, 7:41 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն համար այս հանգրուանին կարեւոր է ամրապնդել երկրին ընդհանուր կացութիւնը եւ հեռու մնալ հետզհետէ վատթարացող շրջանային իրադարձութիւններէն, որոնք ժխտական պայմաններ կրնան պարտադրել:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց սահմանադրութեան եւ պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ յաւելեալ պատասխանատուութեամբ վարուելու: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ժողովուրդին ընկերային պահանջատիրական հարցերը լուծել երկխօսութեամբ եւ ոչ թէ մագլցողական քայլերով:
Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ զգայուն եւ դժուար հանգրուանը բոլոր լիբանանցիներուն համար կ՛ենթադրէ ըլլալ գիտակից եւ զգաստ, ինչպէս նաեւ կառչած մնալ ազգային երկխօսութեան միջոցին:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print



